Սեպտեմբեր 17-ին, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան եւ Ֆրանսայի դեսպանութեան միջեւ ստորագրուած են յուշագրեր՝ Հայաստանի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ֆրանսերէնի դասաւանդման խթանման ու զարգացման ուղղութեամբ:
Յուշագրերը ստորագրած են ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի:
Այնուհետեւ կողմերը քննարկած են յուշագրերով նախատեսուած շարք մը ծրագրերու առնչուող հարցեր։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանսայի դեսպանութեան՝ տիկին Անդրէասեան ընդգծած է ֆրանսախօսութեան միջավայրը բարելաւելու Հայաստանի ջանքերը՝ նշելով, թէ այսուհետեւ Հանրապետութեան մարզերուն եւ Երեւանի 19 դպրոցներու մէջ ֆրանսերէնը առաւել մանրակրկիտ կ՚ուսուցանուի եւ այդ թիւը կրնայ աւելնալ։
“Հանրակրթութեան նոր չափորոշիչներով մենք նպատակադրած ենք բարելաւել օտար լեզուներու իմացութիւնը մեր դպրոցներուն մէջ, ուր պիտի գործադրուին նաեւ ֆրանսերէնի ուսուցման նոր ծրագրեր, պիտի օգտագործուին նոր դասագրքերու նիւթեր։ Ուսուցիչներու կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ալ մեծ աշխատանքներ պիտի տարուին”,– ըսած է նախարարուհին։
Դեսպանն ալ տեղեկացուցած է, թէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ֆրանսախօսութեան զարգացման շրջանակին մէջ կը պատրաստուի 600.000 եւրօ յատկացնելու, որպէսզի ֆրանսերէնի ուսուցման մակարդակը բարձրացուի։ Ան աւելցուցած է, թէ նախ եւ առաջ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի ֆրանսերէնի ուսուցիչներուն, որոնց հետ արդէն ինք անձամբ հանդիպումներ ունեցած է տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։ “Այս առումով ուսուցիչներուն համար վերապատրաստութեան դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին Հայաստանի տարածքին”,– յայտնած է դեսպանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։