Նոյեմբեր 15-ին, Երեւանի ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած է՝ COP29-ը հիւրընկալող Ազերպայճանի դէմ, որ ցեղային զտման ենթարկած է հայերը եւ ոճիրներ կը գործէ իր սեփական ժողովուրդին նկատմամբ։ Ցոյցին մասնակցած է շուէտացի բնապահ Կրեթա Թունպերկ։
“Ցեղային զտում գործած Ազերպայճան պէտք է հաշուետու ըլլար, մինչդեռ աշխարհ ոչ միայն լռեց եւ ոչինչ ըսաւ այս վայրագութիւններուն դէմ, աւելի՛ն, հարթակ տրամադրեց այդ երկրին, որ կը փորձէ բնապահութեան, խաղաղութեան շղարշով սքօղել մարդկային իրաւանց ծայրայեղ ոտնահարումները”,– իր ելոյթին յայտարարած է 21-ամեայ շուէտացի գործիչը, աւելցնելով.
“Մենք կը յորդորենք Պաքուի մէջ աշխատող միջազգային լրագրողներուն՝ հանդիպում ունենալ հայ գերիներուն հետ, պահանջելով անոնց եւ բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակումը”։
Ցուցարարները արիւնոտ ձեռքերու հետքեր ձգած են ՄԱԿ-ի գրասենեակին դէմ պարզուած պաստառներուն վրայ։
Կրեթա Թունպերկ նոյն օրը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ, ուր մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը։ Ան այնուհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ծանօթացած է մնայուն եւ առժամեայ ցուցադրութիւններուն, հետեւեալը գրառելով թանգարանի մատեանին մէջ.
«Շնորհակալութի՛ւն ձեր անգնահատելի աշխատանքին համար։ Այժմ իւրաքանչիւրիս գործն է տարածել տեղեկութիւններ, պահանջելով արդարութիւն։ Այլեւս երբեք՝ ո՛չ մէկուն համար»:
Այցի աւարտին, Թանգարանի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան պատուոյ հիւրին նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան, արցախեան հարցի մասին գիրքեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։