Կիրակի, Օգոստոս 14-ի կէսօրուան ժամերուն զօրաւոր պայթում մը պատահած է Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ։ Դեռ բոլորովին ստոյգ չըլլալով հանդերձ՝ կը կարծուի որ պայթումը պատահած է հրավառութեան նիւթերու համար նախատեսուած պահեստին մէջ, ուրկէ ալ հրդեհ ծագած է։
Օգոստոս 15-ին, պայթումին հետեւանքով արձանագրուած զոհերու թիւը 6 էր, կային վեց տասնեակէ աւելի վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ անհետացածներ։ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մասնագէտներն ու փրկարարները տեղւոյն վրայ կը շարունակէին փրկարարական աշխատանքները ։
Օգոստոս 15-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն դէպքին վայրը այցելած են վարչապետ Փաշինեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան։
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի Թուրքիոյ յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ պայթումին առթիւ ցաւակցական գիր մը յղած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Ռուբէն Ռուբինեանին։ Թուրք դիւանագէտը իր ցաւակցութիւնները կը յղէ զոհերու ընտանիքներուն եւ արագ ապաքինում կը մաղթէ բոլոր վիրաւորներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։