ԵՐԵՒԱՆ – Սերժ Աւետիքեանի նախաձեռնութեամբ ծայր առած են երկլեզու թատերական արուեստանոցի աշխատանքները

Յունուար 10-ին ծայր առած են երկլե­­զու՝ հա­­յերէն-ֆրան­­սե­­­րէն թա­տերա­կան արո­ւես­­տա­­­նոցի աշ­­խա­­­տանքնե­­րը, զորս կը վա­­րէ դե­­րասա­­նու­­հի Լի­­զա Թո­­րոմա­­նեան։ Ծրագ­­րին նա­­խաձեռ­­նած է ֆրան­­սա­­­հայ բե­­մադիր Սերժ Աւե­­տիքեան։

Արո­ւես­­տա­­­նոցը կը միաւո­­րէ 60 թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րէն ընտրո­ւած 25 հայ երի­­տասարդ արո­ւես­­տա­­­գէտ­­ներ, որոնք ամէ­­նամ­­սեայ դա­­սըն­­թացքնե­­րուն կը մաս­­նակցին ֆրան­­սա­­­ցի մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րուն հետ։ 

Երկրորդ տա­­րին անընդ­մէջ արո­ւես­­տա­­­նոցի աշ­­խա­­­տանքնե­­րը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նան Երե­­ւանի թատ­­րո­­­նի եւ շար­­ժանկա­­րի պե­­տական հիմ­­նարկին մէջ, իսկ Յու­­լի­­­սին կա­­յանա­­լիք եզ­­րա­­­փակիչ փու­­լը առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով պի­­տի ըն­­թա­­­նայ Ֆրան­­սա­­­յի հիւ­­սի­­­սը՝ Վի­­լեր-Գոթ­­րէ գտնո­ւող Ֆրան­­սե­­­րէն լե­­զուի մի­­ջազ­­գա­­­յին աւա­­նին մէջ։

Աւելցնենք թէ Յու­նո­ւար 12-ին Արո­ւես­տա­նոցի աշ­խա­տանքնե­րուն նո­ւիրո­ւած դա­սախօ­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած է Ֆրան­սայի դես­պա­նատան մէջ, մաս­նակցու­թեամբ դես­պան Օլի­վիէ Տը­քոթին­յիի եւ Սերժ Աւե­տիքեանի։ ■