Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Ֆրանսահայ բեմադիր Ժագ Քեպատեան ներկայացուցած է «Քսան տարի ետք» («20 ans après») ժապաւէնը

Սեպտեմբեր 2-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանը հիւրընկալած է ֆրանսահայ բեմադիր Ժագ Քեպատեանը։ Ան Հայաստան կը գտնուէր «Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային փառատօնին եւ Հայաստանի մէջ ֆրանսական հիմնարկին հրաւէրով։

Գրադարանի յարկին տակ ցուցադրուած է բեմադիրին «20 տարի ետք» ժապաւէնը։

Ժապաւէնի «հերոս» ընտանիքին հետ Քեպատեան հանդիպում ունեցած է սփիւռքի մէջ։ Նոյն հերոսները կը տեսնենք նաեւ արցախեան առաջին պատերազմին եւ յետպատերազմեան ծանր տարիներուն եւ ի վերջոյ, ականատես կ՚ըլլանք ընտանիքին՝ Միացեալ Նահանգներ արտագաղթին։

Ցուցադրութեան յաջորդած է քննարկում՝ ֆիլմին բեմադիրին հետ։ Ի պատասխան ներկաներէն մէկուն ակնարկին, թէ այս տասնամեակներուն տարբեր պատճառներով հայրենիքէն հեռացածները պէտք է Հայաստան հրաւիրել մեր երկիրը կրկին ծաղկեցնելու եւ այդպէսով նկարահանելու ժապաւէնին շարունակութիւնը, Քեպատեան ըսած է, որ «շարունակութիւնը» պէտք է նոր սերունդի երիտասարդները նկարահանեն եւ ապահովեն Սփիւռք-Հայաստան միասնութիւնը։

«20 տարի ետք» ֆիլմը դիտած եւ բեմադիրին հետ զրուցած հանդիսատեսը խառն զգացումներով մեկնած է դահլիճէն։ Կարծէք թէ յոյսն ու յուսահատութիւնը կողք-կողքի կը տիրապետէին թամանեանական մասնաշէնքին մէջ՝ դրական յոյզերու ակնկալիքով ու փափաքով։