Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Օգոստոս 31-ին ազերպայճանական կողմը կրակ բացած է Վարդենիսի Սոթք, աւելի ուշ նաեւ Նորաբակ գիւղերու հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Թշնամին գործածած է հրասանդ եւ անօդաչու սարքեր։
Նոյն օրը կէսօրէ ետք Նախարարութիւնը հաղորդած է թէ հայկական կողմը ունի երեք զոհ եւ երկու վիրաւոր։ Վերոնշեալ շրջաններուն մէջ կացութիւնը լարուած կը մնայ։ Հայաստան կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ պաշտպանական միջոցներու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։