Երզնկայի Կամախ գաւառը գտնուող Աւագ վանքը որոշ շրջան մը ծառայած է որպէս համալսարան։ Աւագ վանական համալիրը նուիրուած է Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն։ Վանքը ներկայիս կը գտնուի Կամախի Գառնի գիւղի մօտակայքը։ Վանական համալիրը բաղկացած է 3 եկեղեցիներէ՝ Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Կարապետ եւ Սուրբ Թադէոս կամ Սուրբ Առաքելոց։ Այս մասին կը հաղորդէ akunq.net յղում ընելով թրքական erzincannet.com կայքին։
Աղբիւրին համաձայն՝ վանքը երկա՜ր դարեր նշանաւոր ուխտավայր եղած է հայերուն համար։ Վանական համալիրի ամէնէն մեծ եկեղեցին Սուրբ Առաքելոցն է, ուր կան 1466-ին եւ 1469-ին կառուցուած երկու խաչքարեր։
Օրին այդ տարածքի ամէնէն յայտնի վանքերէն մէկուն՝ Աւագ վանական համալիրի նկատմամբ ժամանակը անողոք գտնուած է․ թէեւ ներկայիս եկեղեցւոյ աւերակները տակաւին կը պահպանուին, սակայն ժամանակի անիւը կամաց-կամաց կը ջնջէ այս հինաւուրց վանք-համալսարանի հետքերը․․․
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։