Երուսաղէմի հայկական եւ այլ եկեղեցիներու ղեկավարները միացած են՝ ընդդիմանալով Երուսաղէմի քաղաքապետարանի՝ եկեղեցական գոյքի վրայ համայնքային տուրքեր սահմանելու որոշումին: Լուրը կը հաղորդէ The Jerusalem Post։
Կիրակի, Յունիս 23-ին, պատրիարքներու եւ եկեղեցիներու ղեկավարներու անունով հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ՝ առաջնորդները խոր մտահոգութիւն յայտնած են քաղաքապետարանի վերոնշեալ քայլին առնչութեամբ, որ կը հակասէ եկեղեցիներու եւ քաղաքային իշխանութիւններու միջեւ դարաւոր եւ պատմական համաձայնութիւններուն:
«Մենք կը յայտարարենք, որ այդ քայլը կը խարխլէ թէ՛ Երուսաղէմի՝ Սուրբ քաղաքի բնոյթը, թէ՛ վտանգի կ՚ենթարկէ եկեղեցիներու կարելիութիւնը՝ այս երկրին մէջ ծառայութիւն մատուցելու ի նպաստ իրենց համայնքներուն»,– յայտարարած են եկեղեցիներու ղեկավարները։
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է քրիստոնեայ եկեղեցիներու զգալի ներդրումը՝ Երուսաղէմի դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն, ծերանոցներուն եւ անապահով խաւերու համար նախատեսուած հաստատութիւններուն:
Եկեղեցիներու առաջնորդները կոչ յղած են Երուսաղէմի քաղաքապետարանին՝ յետս կոչելու որոշումը եւ պահպանելու պատմականօրէն հաստատուած statu quo-ն։
Նշենք, թէ յայտարարութիւնը, ի շարս այլոց, ստորագրած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։