Search
Close this search box.

Երուսաղէմի հայ համայնքը պատմական օր մը ապրած է՝ հայկական բոլոր ուժերը համախմբելով մէկ դրօշի ներքոյ

Երուսաղէմի հայկական թաղամասի պաշտպանութեան եւ պահպանման շարժումը (SavetheArQ) պատմական կ՚որակէ Երուսաղէմի Լատին պատրիարք կարդինալ Փիէրպաթիսթա Փիցցապալլայի հետ հանդիպումը։

SavetheArQ շարժումը իր X-ի էջով կը հաղորդէ, թէ Դեկտեմբեր 5-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան (ՀՅԴ), Հայ Դեմոկրատական Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ), Երուսաղէմի Հայկական Բարեգործական Միութեան (JABU), Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) եւ ՀՄԸՄ ակումբի անդամները հանդիպում ունեցած են Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքին հետ։

«Երուսաղէմի հայ համայնքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ այս աննախադէպ հանդիպումը համախմբեց հայկական բոլոր խմբակցութիւնները մէկ դրօշի ներքոյ՝ անգամ մը եւս ընդգծելով այս կենսական պահուն Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ համերաշխութեան եւ միասնութեան կարեւորութիւնը:

Պատրիարքին յանձնուեցաւ Հռոմի Փրանկիսկոս պապին ուղղուած նամակը, ուր կը խնդրուի անկէ օգտագործել իր բարոյական հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը՝ կասեցնելու համար Կովերու պարտէզի ապօրինի վարձակալութեան հետ կապուած հայկական թաղամաս ներխուժումը, պահպանելու Սուրբ Երկրի քրիստոնէական ինքնութիւնը՝ շեշտը դնելով հայկական եւ քրիստոնէական համայնքներու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան վրայ։

Ի նշան երախտագիտութեան՝ Շարժումին անդամները Լատին պատրիարքը շնորհաւորեցին կարդինալի կոչում ստանալուն կապակցութեամբ եւ անոր նուիրեցին հայկական աւանդական խեցեղէն»,– նշուած է Շարժումի գրառման մէջ։