«1949 թուականէն ի վեր սովորութիւն դարձած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնին յաջորդ օրը՝ Կիրակի առաւօտեան, պատարագ մատուցել Արեւմտեան՝ Նոր Երուսաղէմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
2024 Յուլիս 21-ին, առաւօտեան ժամը 7-ին, Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա ժամը 9.30-ին, հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ՝ Նորին ամենապատւութիւն Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան պատրիարք սրբազան հօր, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը ինքնաշարժերով մեկնեցաւ Նոր Երուսաղէմ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ։
Պատարագեց Հոգեշնորհ Տ. Աղան վարդապետ Գոգչեան։
Եկեղեցին կառուցած են 1878 թուականին գերմանացի բողոքական տաճարակները Գերմանական համայնքի տարածքին մէջ (German Colony)՝ համայնական հաւաքոյթներու համար, որպէս Համայնքի տուն։ 1949 թուականին Կիւրեղ Իսրայէլեան պատրիարքի օրօք վերածուած է հայկական եկեղեցիի եւ կը կրէ մեր հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի անունը։
2024 թուականին, եկեղեցւոյ տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Ներսեհ վարդապետ Ալոյեանի ջանքերով բարեզարդուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատերը՝ 18 սրբապատկերներով, փոխուեցան խորանի պատկերն ու եկեղեցւոյ երեք դռները, ինչպէս նաեւ ներկուեցան դասերու ճաղերը։
Եկեղեցւոյ մաքրութեան համար խորապէս շնորհակալ ենք Հայաստանէն ուխտաւորաբար Սուրբ Երկիր գտնուող Օրիորդ՝ Այտա Ալոյեանին, Ելենա Մուրատեանին եւ Աննա Բարսեղեանին։ Թող Աստուած ընդունէ Ձեր ուխտը»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։