Նոյեմբեր 30-ին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Անդրէի եւ Սուրբ Փիլիպպոսի տօնին առիթով հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեանի կատարուեցաւ ամենամեայ ուխտագնացութիւն դէպի Հայոց Փիլիպպոսի աղբիւր-սրբավայր: Ուխտագնացութեան ներկայ էին Սուրբ ուխտիս միաբան հայրեր, Ժառանգաւորացի եւ Ընծայարանի ուսանողներ, ուսուցիչներ եւ սաղիմահայեր: Աղբիւր-սրբավայրին առջեւ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն, ապա մատաղ օրհնուեցաւ եւ բաժնուեցաւ ներկաներուն:
Ս. Փիլիպպոսի աղբիւրին մասին յիշատակութիւնը կը գտնուի Գործք Առաքելոց գրքին մէջ (Գործք. 8:26-40)։
Տեղեկութիւններ կան նաեւ Տիգրան Սաւալանեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» հատորին մէջ, ուր կ՚ըսէ թէ 1099-ին Խաչակիրներ Երուսաղէմը պաշարելու ատեն, տապէն փրկուելու համար ջուր կը բերէին 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Փիլիպպոսի աղբիւրէն: Իսկ 1857-ին Յովհաննէս Զմիւռնացի Պատրիարք կը գնէ աղբիւրին հողակտորը: Իր կեանքի մայրամուտին Յովհաննէս Պատրիարք յաճախ կու գար աղբիւրի շրջափակին մէջ հանգստանալու, մանաւանդ իր շնչառական հիւանդութեան օրերուն:
Աղբիւրի տարածքը եւ շրջակայ այգիները կը պատկանին Հայոց պատրիարքութեան եւ կը կազմեն 32.000 քառակուսի մեթր: Տարածքը կը գտնուի Երուսաղէմէն Քեպրոն եւ Կազա տանող ճանապարհներուն վրայ: Հոն գտնուող եկեղեցիէն ցաւօք միայն փլած պատեր մնացած են:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։