ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ. ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտըն այցելած է Բեթղեհէմի Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցին

 

Երուսաղէմ գտնուող ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտըն Յուլիս 15-ին այցելած է Բեթղեհէմի Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցին։ Լուրը հաղորդած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Բաղդասարեան, Դիմագիրքի իր էջով։

Պայտըն հանդիպում ունեցած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ:

Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ եւ անոր նուիրած է ափսէ մը եւ նուռ մը՝ հայկական յախճապակիէ պատրաստուած։

Խմբագրական