Ապրիլ 23-ին, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու 109-րդ տարելիցին՝ Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ ժամերգութիւն կատարուած է, որուն յաջորդած է մոմավառութիւն՝ Ապրիլեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած յուշարձանին առջեւ։
Յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 24-ին, նոյն տաճարին մէջ պատարագ մատուցած եւ քարոզած է Ղեւոնդ ծ. վրդ. Յովհաննիսեան:
Յաւարտ պատարագի, հոգեւորականաց դասը եւ Ժառանգաւոր սաներ թափօրով եւ շարականի երգեցողութեամբ քալած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր տեղի ունեցած է Բարեխօսութեան կարգ։ Այնուհետեւ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ՝ Սեւան արք. Ղարիպեան, Իսրայէլի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Դաւիթ Ալավերդեան, Իսրայէլի եւ Երուսաղէմի մէջ գործող Հայ միութիւններու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ զետեղած են յուշարձանին:
Նոյն օրը երեկոյեան, նախագահութեամբ Կորիւն եպիսկ. Բաղդասարեանի եւ կազմակերպութեամբ Սաղիմահայ միացեալ յանձնախումբին, Ժառանգաւորաց վարժարանի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցած է յուշահանդէս: Բացման խօսքով հանդէս եկած է Սուրբ Աթոռի դիւանապետ՝ Աղան վրդ. Գոգչեան, ապա բանախօսած է հիւրաբար Երուսաղէմ գտնուող պատմաբան, ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» գրադարանի տնօրէն՝ Պորիս Աճէմեան: Յուշահանդէսին հանդէս եկած են նաեւ Ժառանգաւորաց եւ Թարգմանչաց վարժարաններու սաները իրենց խմբերգերով ու ասմունքներով:
Յուշերեկոն աւարտած է հանդիսապետ՝ Կորիւն եպիսկ. Բաղդասարեանի փակման աղօթքով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։