Search
Close this search box.

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Արդէն սկսա՞ծ են աշխատանքները «Կովերու պարտէզ»-ին մէջ 

Հոկտեմբեր 26-ին «Կովերու պարտէզ»-ի կառքերու կայանատեղին յանձանձող ընկերութիւնը սկսած է քանդել ցանկապատը այս հողատարածքին որ վերջին շրջանին անդադրում վէճերու առարկայ դարձած է եւ որու մէկ մասը  դեռ մինչեւ այսօր Նուրհան պատրիարք եւ միաբանութեան այլ կրօնաւորներ եւս կ՚օգտագործեն որպէս կառքի կայանատեղի։

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի ունեցուածքի ղեկավար Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեան անմիջապէս միջամտած է՝ դադրեցնելու համար աշխատանքները, մինչեւ որ հարցը կրկին քննարկուի Նուրհան պատրիարքի հետ։

Մինչ օրս կը շարունակէ մնալ անորոշ, թէ արդեօք իրաւական գործողութիւններու ձեռնարկուա՞ծ է կանխելու համար Հայոց պատրիարքարանի այս կարեւոր ինչքի փոխանցումը հրեայ-աւստրալիացի գործարարին: Սուրբ քաղաքի հայ համայնքի ստուար մէկ զանգուածը դէմ է պատրիարքին, որ կը համարուի քանի մը ամիսէ ի վեր շարունակուող այս գայթակղութեան գլխաւոր պատասխանատուն։

Մայիս 6-ին միաբանութեան վարչութիւնը Պարետ վարդապետ Երիցեանը հեռացուց պատրիարքարանի ունեցուածքի պատասխանատուի պաշտօնէն եւ զայն կարգալոյծ հռչակեց։ Հայր Պարետ այդ օրերէն ի վեր ապաստանած է Միացեալ Նահանգներ: Շատերու կարծիքով, 77-ամեայ այս վարդապետը, որ կը համարուէր Նուրհան պատրիարքի շատ մտերիմ մէկ խորհրդականը, վերջինիս կողմէ զոհուեցաւ իր պատրիարքական աթոռը փրկելու համար։

Մտահոգ՝ ի տես հայկական թաղամասի զգալի մէկ մասին,– ըստ որոշ աղբիւրներու՝ գրեթէ 25%-ին,– հրեայ-աւստրալիացի գործարարին ձեռքը անցնելուն, Յորդանանի թագաւորն ու Պաղեստինի իշխանութիւնը՝ որպէս քրիստոնէական սրբավայրերու պաշտօնական խնամակալները,, կասեցուցած են Նուրհան պատրիարքի ճանաչումը մինչեւ նոր որոշում:

Սահակ Սուքիասեան