Փետրուար 22-ին, Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ հիւպատոս Դաւիթ Ալավերդեան՝ ընկերակցութեամբ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեանի եւ նախկին հիւպատոս Նարեկ Ղազարեանի, այցելած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած Նուրհան պատրիարք Մանուկեանի հետ:
Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ՝ Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեան եւ դիւանապետ՝ Աղան վարդապետ Գոգչեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։