Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այսու կը տեղեկացնէ, որ «Կովերու պարտէզ» անունով ծանօթ կալուածի վարձակալութիւնը չեղեալ նկատելու նամակէն յետոյ երկրորդ կողմը, փոխանակ նամակին պատասխան տալու, արձագանգած է կալուածի վրայ առկայ պարիսպի եւ կայանատեղերու քանդումով, յատակի կպրապատ ծածքը քակելով եւ շատ աւելի մեծ վնաս պատճառելու սպառնալիքով:
Երէկ (Նոյեմբեր 5-ին) երկրորդ կողմը նոյնիսկ զէնքով զինուած անվտանգութեան աշխատակիցներ եւ մարզուած շուներ բերած էր կալուած՝ պահանջելով պարպել կալուածը հայկական ներկայութենէ։ Ի պատասխան այս պահանջին՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան եւ հայ համայնքի անդամները հաւաքուած էին հոն՝ խաղաղ կերպով իրենց դժգոհութիւնը եւ անհամաձայնութիւնը յայտնելու՝ եղած պահանջին:
Քանի մը ժամ յետոյ կողմերը համաձայնած են կալուածէն մեկնելու շուրջ եւ ոչինչի ձեռնակելու այնքան ժամանակ, որքան Պատրիարքութիւնը չստանայ համաձայնագիրը չեղեալ նկատելու իր ղրկած նամակին պատասխանը:
ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ
2023 Նոյեմբեր 6
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։