Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։
Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝
Երուսաղէմի մէջ խումբ մը Հայեր Սեպտեմբեր 15-ի երեկոյեան խաղաղ բողոքի ցոյց մը ըրած են Երուսաղէմի հայկական թաղամասին շուրջ 25%-ը կազմող «Կովերու պարտէզ»-ի ապօրինի վարձակալութեան դէմ։
Նշեալ վայրի կառքերու կայանատեղիին պահակը սպառնացած է իր կառքով խուժել խաղաղ ցուցարարներուն վրայ, նոյնիսկ պահանջած է հայ երիտասարդի մը «գլուխը»:
Աւելին, ան մտած է իր տնակը եւ ձեռքը առած կրակ մարելու գործիքն ու սպառնացած՝ զայն պարպել անմեղ քաղաքացիներուն, ներառեալ՝ մայրերու եւ անոնց երախաներուն վրայ:
Իրավիճակը ա՛լ աւելի լարուած է, երբ ան սպառնացած է ամբոխ հաւաքել՝ յարձակելու համար հայ ցուցարարներուն վրայ։
Ի վերջոյ, դէպքի վայր կանչուած է իսրայէլական ոստիկանութիւնը, որ յաջողած է անդորրը վերահաստատել։
Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։
Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։