Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսեփ Պորէլ շատ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարեց Դեկտեմբեր 11-ին ԵՄ-ի Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին առթիւ, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Հայաստանի իրավիճակը կը պահանջէ մեր զօրաւոր աջակցութիւնը։ Տեսնենք, թէ ինչպէս կրնանք աւելցնել զայն, թէ ինչպէս Արեւելեան գործընկերութիւնը պիտի պահպանենք, որովհետեւ ան մեր արեւելեան սահմանն է, եւ արեւելեան սահմանն այն վայրն է աշխարհի վրայ, ուր շատ թէժ կէտեր աճելու վրայ են»։
Հետաքրքրական բանաձեւում է «արեւելեան սահման» եզրը։ 2020-ի պատերազմէն ետք Ֆրանսայի աջակողմեան քաղաքական ուժերը Հայաստանին զօրակցելու իրենց քաղաքականութիւնը բացատրեցին՝ Հայաստանը ներկայացնելով իբրեւ քրիստոնեայ աշխարհի «արեւելեան սահման»-ը։ Այսօր նոյն բառապաշարը կը գործածէ ԵՄ-ի Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան բարձր յանձնակատարը, Հայաստանը նկատելով Եւրոպական Միութեան արեւելեան սահմանը։
Երկրորդ ուշագրաւ կէտը «թէժ կէտ»-ի նշումն է, որ պատճառ դարձած է Հայաստանի սահմանին ԵՄ-ի քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան խումբը զօրացնելու որոշումին, անոր հսկիչներուն քանակը բարձրացնելով 138-էն 209 հոգիի, սահմանին կայունութիւնը ամրացնելու եւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը զօրացնելու համար։
Խոսեփ Պորէլ խօսած էր նաեւ Խաղաղութան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով Հայաստանին հնարաւոր աջակցութեան մասին, որուն շուրջ Փիթըր Սթանօ, ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու բանբերը, նշած է որ այդ հարցը անդամ երկիրներու կողմէ կը քննարկուի հաշուի առնելով Հայաստանի կարիքներն ու խնդրանքը. «կրնայ ենթադրել դաշտային հիւանդանոց, պաշտպանական սարքաւորումներ, բայց կրնայ ենթադրել նաեւ համացանցային յարձակումներու, ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարի կարողութիւնները ընդլայնելու միտող քայլեր»։
Յիշենք որ նախքան ԵՄ-ի Արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, Դեկտեմբեր 7-ին Հայաստան եւ Ազերպայճան միատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակած էին ուր բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով երկու կողմերը կը յայտնէին, թէ պատրաստ են ռազմագերիներ փոխանակելու…։
Միրզոյեան Դեկտեմբեր 11-ին մասնակցած է ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան նուիրուած ժողովին ալ, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով։ Հակառակ սոյն ժողովին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի նախարարներու ներկայութեան, անոնց միջեւ տեսակցութիւն տեղի չէ ունեցած։ Կարեւոր է ընդգծելը որ Ազերպայճան չէ մերժած մասնակցիլ պրիւսէլեան այս հանդիպումին, որուն ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան հարցը քննարկուած է։
Ազերպայճան, Սեպտեմբեր 19-ին Արցախի վրայ զինեալ յարձակումէն ետք ռազմավարական նկատառումներով աւելի յարեցաւ Ռուսաստանին։ Մերժեց ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ու միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպումները։ Սակայն, ԱՄՆ-ու կողմէ անոր զինուորական օժանդակութեան կասեցումը եւ Սիւնիքի միջանցքի վերաբերեալ որեւէ զինեալ գործողութեան վերաբերեալ խիստ զգուշացումը պատճառ դարձան որ ան Հայաստանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու խորամանկ ռազմավարութեան դիմէ, որպէսզի շրջանցէ ստեղծուած անել կացութիւնը, ինչ որ շատ մեծ գնահատանքի արժանացաւ միջազգային հանրութեան կողմէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը եւս կատարած է ուշագրաւ յայտարարութիւն մը Արեւելեան գործընկերութեան ժողովի ընթացքին, ակնարկելով Ազերպայճանի՝ ԵՄ-ի մարդկային իրաւունքներու արժեհամակարգը յարգելու անհրաժեշտութեան. «Անհրաժեշտ կը նկատեմ վերահաստատելը, որ Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր երկիրները պէտք է հաւատարիմ ըլլան նոյն արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, քանի որ առանց մարդկային իրաւանց եւ հիմնական ազատութիւններու յարգանքին, առանց ապահով եւ խաղաղ միջավայրի որեւէ նախաձեռնութիւն դատապարտուած է ձախողութեան»։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։