Եւրոպական աւելի քան 90 կազմակերպութիւններ նամակ յղած են Շառլ Միշէլին՝ Արցախեան հակամարտութեան հարցով անոր միջնորդութեան վերաբերեալ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Յունիս 16-ին եւրոպական հայկական եւ ոչ-հայկական 91 կազմակերպութիւններ, որոնք աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն ԵՄ-ի անդամ երկիրներու մէջ, նամակ յղած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին՝ յայտնելով իրենց խոր դժգոհութիւնը անոր վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ, որ հրապարակուած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 2022 Մայիս 22-ի եռակողմ հանդիպումէն յետոյ։

Կազմակերպութիւնները կ՚ողջունեն Շառլ Միշէլի՝ խաղաղութեան ուղղուած միջնորդական ջանքերը: Բայց եւ այնպէս, անոնք անհրաժեշտ կը համարեն, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները հիմնուած ըլլան արդարութեան վրայ, եւ ուր չեն արհամարհուիր հայկական կողմի հիմնական իրաւունքներն ու կարիքները, նա՛մանաւանդ, որ ան 2020-ին զոհ դարձաւ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ յարձակման։

Նամակը ստորագրած կազմակերպութիւնները կ՚ափսոսան, որ Մայիս 23-ի յայտարարութիւնը կ՚անտեսէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ԵՄ-ի փաստագրուած մօտեցումներու հիմնական սկզբունքները: Սա կը վերաբերի նաեւ  «Ղարաբաղ» անորոշ ձեւակերպման կիրարկման, փոխարէն՝ «Լեռնային Ղարաբաղի», որ տարածք ունեցող քաղաքական շօշափելի միաւոր է։ Նամակին մէջ մանրամասնօրէն ադրադարձ կը կատարուի այն հանգամանքին, որ Ազերպայճանի կողմէ «Ղարաբաղ» ձեւակերպման կիրարկումը միտուած է պետական մակարդակով իրականացուող ցեղային զտման քաղաքականութեան սպասարկման:

Անդրադառնալով 2022 Մայիս 31-ին Շառլ Միշէլի մամլոյ բանբերին յայտարարութեան՝ կազմակերպութիւնները երախտագիտութիւն կը յայտնեն, որ ան կարեւոր պարզաբանումներ բերած է եւ ընդգծած՝ հիմնական սկզբունքները։ Կազմակերպութիւնները կը յուսան, որ ԵՄ-ի ապագայ միջնորդութիւնը պիտի յանգեցնէ արդար եւ մնայուն խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններու մեկնարկին: Այդ նպատակով Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կոչ կը կատարուի՝ միջնորդութիւնը հիմնելու շօշափելի հետեւեալ վեց կէտերուն վրայ.-

– ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած եւ 2021 Մարտին ի զօրու դարձած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու անհրաժեշտութիւնը՝  ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ ԵԱՀԿ-ի Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթով ամրագրուած նպատակներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ, ներառեալ՝ ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու եւ ինքնորոշման, որպէս հիմնական երեք սկզբունքներէն մէկը։

– Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Պաքուի որեւէ վերահսկողութիւն անխուսափելիօրէն կը նշանակէ անոր (Լեռնային Ղարաբաղի) հազարամեայ բնիկ հայ բնակչութեան ցեղային զտում։ Ուստի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, որ պէտք է ցոլացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ժողովրդավարական կամքի արտայայտումը, առաջնային է՝ բնակչութեան մնայուն, կայուն անվտանգութիւնը ապահովելու եւ իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը երաշխաւորելու համար։

– Փոխադրական/հաղորդակցական կապերու ապաշրջափակումը պէտք է կատարուի՝ լիովին յարգելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը։ Հակամարտութեան նոր վտանգ ստեղծելիք որեւէ սպառնալիք պէտք է բացառուի։

– Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանագծումը եւ սահմանազատումը չեն կրնար ուժի գործադրութեան հետեւանք ըլլալ (խօսքը՝ Արցախեան վերջին պատերազմին հետեւանքներով ստեղծուած իրադրութեան մասին է – «ՆՅ») եւ պէտք չէ, որ կատարուին հապճեպ՝ առանց նկատի ունենալու անոր հետեւանքներունի բոլոր մանրամասնութիւնները։

– Ազերպայճան պէտք է անյապաղ դադարեցնէ հայատեացութեան իր պետական քաղաքականութիւնը՝ իր բոլոր դրսեւորումներով։

– Ընդառաջելով Եւրոպական խորհրդարանի, ինչպէս նաև ԵՄ-ի անդամ շարք մը երկիրներու խորհրդարաններու պահանջին՝ Ազերպայճան պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակէ բոլոր հայ ռազմագերիներն ու գերիները։

Խմբագրական