Կարգ մը երկիրներու մէջ Յունիս 6-ին սկսած եւրոպական ընտրութիւնները Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցան Կիրակի, Յունիս 9-ին։
Կիրակի երեկոյեան ոչ-պաշտօնական բայց գրեթէ ստոյգ արդիւնքներու համաձայն՝ Ժորտան Պարտելլայի գլխաւորած ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային համախմբում»-ի («Rassemblement National – RN») ցանկը լայն յաղթանակ մը տարած էր, ստանալով ձայներու 31,5%-ը, որուն՝ միայն 14,5%-ով կը յաջորդէր նախագահ Մաքրոնի կուսակցութեան՝ «Վերածնունդ»-ի («Renaissance») ցանկը, զոր կը գլխաւորէր Վալերի Հայեր. կը հետեւէին Ռաֆայէլ Կլիւքսմանի
գլխաւորած «Ընկերվարականներ-Հանրային հրապարակ»-ը (14%), LFI-ն («La France Insoumise» – 10,1%), Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիի գլխաւորած Հանրապետականները (7,2%), Բնապահները (5,5%) եւ Մարիոն Մառեշալի «Վերանուաճում»-ը («Reconquête» – 5,3%)։
Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Ֆրանսայի վերապահուած է 81 աթոռ։ Այս արդիւնքներու լոյսին տակ՝ նշեալ աթոռներու բաշխումը պիտի պարզէ մօտաւորապէս հետեւեալ պատկերը. վերջնական թիւերը յայտնի պիտի ըլլան պաշտօնական արդիւնքներու յայտարարութենէն ետք.
– «Ազգային Համախմբում»՝ 29-31 աթոռ,
– Նախագահական մեծամասնութիւն («Վերածնունդ»)՝ 13-14 աթոռ,
– Ընկերվարականներ՝ 12-14 աթոռ,
– LFI՝ 9-10 աթոռ,
– Հանրապետականներ՝ 6-7 աթոռ,
– Բնապահներ՝ 5 աթոռ,
– «Վերանուաճում»՝ 4-5 աթոռ։
Առաջին արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք RN-ի ցանկը գլխաւորող Ժորտան Պարտելլա «անվիճելի» որակեց իրենց յաղթանակը եւ կոչ ըրաւ «խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կազմակերպելու»:
Միւս ցանկերը գլխաւորողները եւս արձագանգեցին արդիւնքներուն: «Մեր պարտականութիւնն է պայքարիլ ծայրայեղ աջի՝ անշրջանցելիօրէն իշխանութեան տիրանալու զգացումին դէմ. մենք երբեք պիտի չընկրկինք»,– յայտարարեց «Ընկերվարական կուսակցութիւն-Հանրային հրապարակ»-ի ցանկը գլխաւորող Ռաֆայէլ Կլիւքսման: «Սա, Աջը վերականգնելու երկա՜ր ճանապարհի սկիզբն է»,– յայտարարեց Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի՝ Հանրապետականներու ցանկը գլխաւորողը: «La France insoumise» ցանկի ղեկավար Մանոն Օպրիի համաձայն՝ իրենց 10,1%-ը «պայքարի ոգիով մղուած, հաւաքական եւ դրական ընտրապայքարի արգասիքն է»։
Մինչ իրեն աջակից կուսակցութիւնը՝ «Վերածնունդ»-ը ստացաւ հազիւ թէ կէսը «Ազգային համախմբում»-ի ստացած ձայներուն, նախագահ Մաքրոն Յունիս 9-ի իրիկունն իսկ հեռատեսիլէն ունեցած ելոյթին ըսաւ. «Ես որոշեցի ձեզի վերստին ընձեռել ձեր ապագայի ընտրութիւնը՝ ձեր քուէարկութեան միջոցով» եւ յայտարարեց, թէ կը լուծէ Ազգային ժողովը։ Նշեց նաեւ թէ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական արտակարգ նոր ընտրութիւններ Յունիս 30-ին (Ա. շրջան) եւ Յուլիս 7-ին (Բ. շրջան)։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։