Դեկտեմբեր 19-ի լիագումար նիստին, 434 թեր, 30 դէմ, 89 ձեռնպահ ձայներով Եւրոպական խորհրդարանը որդգերած է Ազերպայճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան եւ անկախ լրասփիւռներու շարունակական ճնշումներուն վերաբերող բանաձեւը։ Այս քուէարկութեան նախորդած էր Դեկտեմբեր 18-ին նոյն նիւթին շուրջ խորհրդարանական քննարկումը:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամները խստօրէն կը դատապարտեն Ալիեւի վարչակազմին կողմէ մամլոյ ազատութեան եւ այլախոհութեան ճնշումը՝ կոչ ընելով Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւններուն թիրախային պատիժներ սահմանել Ազերպայճանի այն պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք կը խախտեն մարդկային իրաւունքները։
Խորհրդարանը կ՚առաջարկէ նաեւ առկախել ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան մասին 2022-ի փոխըմբռնման յուշագիրը։
Բանաձեւին մէջ խորհրդարանականները անուն առ անուն յիշատակելէ ետք քաղաքական գլխաւոր բանտարկեալները՝ կը պնդեն, թէ Ազերպայճան պէտք է «անվերապահօրէն ազատ արձակէ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալուած իրաւապաշտպանները, լրագրողները, քաղաքացիական եւ քաղաքական գործիչները, վերացնէ անոնց դէմ ուղղուած բոլոր ամբաստանութիւնները»։
Նշենք, թէ բանաձեւին մէջ յիշատակուած են 23 հայ գերիները, ներառեալ՝ Արցախի նախկին ղեկավարները եւ կոչ յղուած է անյապաղ ազատ արձակելու զանոնք, երկրի բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն հետ միասնաբար։ Դեկտեմբեր 18-ի խորհրդարանական քննարկման ժամանակ քանի մը խորհրդարանականներ արծարծած են հայ պատանդներուն հարցը, ինչպէս նաեւ դատապարտած Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ գործուած յարձակման եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման քաղաքականութիւնը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։