Search
Close this search box.

Եւրոպական խորհրդարանի իտալացի երեսփոխան Սալինիի դիպուկ գրառումը Արցախի մասին

Եւրոպական խորհրդարանի իտալացի երեսփոխան Մասսիմիլիանօ Սալինի («Ֆորցա Իտալիա» կուսակցութիւն, ԵԺԿ-ի անդամ) եւրոպական մօտալուտ ընտրութիւններու քարոզարշաւի ծիրէն ներս, Արցախի մասին դիպուկ հետեւեալ գրառումը կատարած է Դիմագիրքի իր էջին.

«Մենք կ՚ողջունենք բանակցութիւնները, խաղաղութեան գործընթացը, երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ, որոնց անդրադարձան միջազգային հանրութիւնը եւ Հռոմի Փրանկիսկոս պապը Զատկուան իր ուղերձին մէջ։

Բայց մենք չենք կրնար եւ պէտք չէ որ մոռնանք, կամ ձեւացնենք, թէ չենք յիշեր չորսհազարամեայ իր հողէն արմատախիլ եղած քրիստոնեայ ժողովուրդի մը ողբերգական ջնջումը Լեռնային Ղարաբաղէն: Հիմա, որ լուսարձակները հակամարտութեան այդ օճախէն վերստին այլ կողմ դարձուած են, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած յարձակումը կարելի չէ եւ պէտք չէ թերագնահատել կամ հարցը փակուած համարել։

Եւրոպական կառոյցները այսօր նոր կարելիութիւն ունին յաղթահարելու կրաւորականութիւնը եւ բարձրացնելու իրենց ձայնը։ Գործելո՛ւ եւ ոչ թէ պարզապէս դիտելու կարելիութիւն: Անհրաժեշտ են, ինչպէս ես կոչ ըրի վերջին ամիսներուն՝ խիզախ քայլեր, որոնց զօրավիգ է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը (ԵԺԿ)՝ նոյնիսկ մինչեւ Ազերպայճանի դէմ պատիժներ սահմանելու այլընտրանքին: Եւրոպա չի կրնար հաւաստի ըլլալ, եթէ ան մէկ կողմէն շարունակէ քարոզել ընդլայնման ձեւեր եւ միւս կողմէն չկարենայ պաշտպանել պատմութիւնն ու ապագան ժողովուրդի մը, որ այսօր կը ներկայացնէ նաեւ եւրոպական մշակոյթը:

Եւրոպական մեր սահմաններէն քանի մը քմ. հեռու միայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատահածէն յետոյ, դեռ ի՞նչ պէտք է պատահի մեզի։ Խաղաղութեան որեւէ գործընթաց կամ բանակցութիւն պէտք է հիմք ծառայէ տուժող կողմի իրաւունքներու եւ իրաւասութիւններու վերահաստատման եւ ոչ թէ փոխզիջման: Հռոմի Փրանկիսկոս պապը խրախուսեց Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւնները, որպէսզի անոնք կարենան «շարունակել երկխօսութիւնը, օգնել տեղահանուածներուն, յարգել տարբեր կրօններու պաշտամունքի վայրերը»։

Ի տես Լեռնային Ղարաբաղի ողբերգութեան, ուր մենք ականատես եղանք եկեղեցիներու, քրիստոնէական խորհրդանիշերու, նոյնիսկ մարդոց պատկերներու վրայ կործանարար միտումներով յարձակումներու, անմարդկային վայրագութեամբ գործողութիւններու՝ նպատակ ունենալով բնաջնջել ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը, տեղ չունի դիւանագիտութիւնը, որ կը ձեւացնէ, թէ չի գիտեր ինչ ընել, կամ երկչոտ կը գործէ։ Եւրոպան կրնա՛յ եւ պարտաւո՛ր է մեծ հարուած մը հասցնելու»: