Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը որդեգրած է Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկոյցը։
«Արմէնփրէս»-ի Պրիւսէլի թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ սոյն զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Արցախի դէմ Ազերպայճանի գործած յարձակումը չի կրնար անհետեւանք մնալ, Եւրոպական Միութեան կոչ յղելով պատիժներ կիրարկելու այդ երկրի իշխանութիւններուն դէմ, որոնք պատասխանատու են հրադադարի բազմաթիւ խախտումներուն համար։ Զեկոյցին մէջ կոչ եղած է նաեւ կասեցնելու ուժանիւթի փոխըմբռնման յուշագիրը, եւ նկատի ունենալով վերջին իրադարձութիւններն ու Ազերպայճանի մարդկային իրաւանց ողբերգական կացութիւնը՝ դադրեցնելու Պաքուի հետ նոր գործընկերութեան համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւնները։
«Ազերպայճանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու զարգացման որեւէ բանակցութիւն պէտք է պայմանաւորուի մարդկային իրաւանց, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնական ազատութիւններու, ներառեալ՝ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան էական յառաջընթացով»,– ընդգծուած է զեկոյցին մէջ։
Զեկոյցը կ՚ողջունէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ստեղծումը, Եւրոպայի խորհուրդին կոչ ընելով աւելցնելու առաքելութեան կազմին մէջ ներառուած փորձագէտներու թիւը, առաքելութեան կարողութիւնները, աշխարհագրական շրջանակը, հինգ տարի երկարաձգելով նաեւ առաքելական խումբին տեղեկայման ժամանակաշրջանը։ Միաժամանակ կոչ յղուած է Ազերպայճանին՝ արտօնելու առաքելութեան տեղակայումը իր տարածքին եւ Արցախի մէջ։ Զեկոյցը կ՚անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան, անկախութեան ու ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան ու կոչ կ՚ընէ «նպաստելու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ կողմերու միջեւ առաւել համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան»։
Փաստաթուղթը Եւրոպական խորհուրդին կոչ կ՚ընէ պատրաստ ըլլալու նպատակային եւ անհատական պատիժներ կիրարկելու յարձակման հեղինակներուն դէմ, բայց եւ այնպէս չսահմանափակուելու նախագահ Ալիեւի քաղաքական ու ռազմական շրջապատով, եւ դադրեցնելու քարիւղի ու կազի ներածումը Ազերպայճանէն՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Պաքուի որեւէ ռազմական յարձակման պարագային։
Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած տարեկան սոյն զեկոյցին մէջ կը դատապարտուի նաեւ Ազերպայճանի կանխամտածուած եւ անարդար յարձակումը Արցախի Հայութեան դէմ եւ կը պահանջուի պաշտպանել Արցախի հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի չափանիշերուն եւ Ազերպայճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան։ Զեկոյցը կ՚ընդգծէ, թէ Եւրոպական խորհրդարանը կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններուն, որոնք լրջօրէն խաթարուած են Արցախի դէմ վերջին ռազմական գործողութեան եւ տէ-ֆաքթօ (ինքնաբերականութեան սկզբունքով) ցեղային զտման պատճառով։
Ի վերջոյ զեկոյցը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած կառավարութեան եւ յարգանքը՝ երկրի ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ Կը հիւսուի նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գովքը՝ վերջինիս ա՛յն յայտարարութեան համար, որ Հայաստան չի ներքաշուիր Ազերպայճանի հետ նոր պատերազմի մէջ, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները բարձրագոյն մակարդակով վերսկսելու անոր պատրաստակամութեան։ Զեկոյցը նաեւ կ՚ողջունէ Հայաստանի՝ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու որոշումը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։