ԹԱՍՍ գործակալութեան համաձայն՝ Կրանատայի ոչ-պաշտօնական համաժողովի շրջանակին մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահուհի Ռոպերթա Մեցոլա լրագրողներուն յայտնած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ կազ գնէ Ազերպայճանէն, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ անոր ռազմական գործողութիւններէն ետք այդ երկիրը այլեւս անվստահելի գործընկեր է։
«Մենք չենք կրնար անվստահելի ուժանիւթային գործընկերէ մը անցնիլ միւսին։ Այս է մեր դիրքորոշումը»,– ըսած է ան։
Նախորդ օր Politico թերթը, վկայակոչելով իր աղբիւրները՝ գրած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը դժուար թէ Պաքուի դէմ պատիժներ կիրարկէ Արցախի դէմ անոր յարձակման պատճառով, որովհետեւ կախեալ է Ազերպայճանի՝ բնական կազի մատակարարումէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։