Search
Close this search box.

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ – ԵւրոՆեսթի մէջ երեսփոխան Արթուր Խաչատրեան հակադարձած է Ազերպայճանի պատուիրակութեան խաղաղասիրական կեղծ կոչերուն

Նոյեմբեր 14-ին, Հայաստանի Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Արթուր Խաչատրեան հակադարձած է՝ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ ընթացող «ԵւրոՆեսթ» (EuroNest) խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովներու միատեղ նիստի ընթացքին ազերպայճանական պատուիրակութեան խաղաղասիրական կեղծ կոչերուն. 

“Երբ կը լսեմ Ազերպայճանի յայտարարութիւնները, միտքս կու գան բեղուն գրիչ, ռազմագէտ մեծն Քառլ ֆոն Գլաուսեվիցի խօսքերը. «Նուաճողը միշտ խաղաղասէր է. ան կը գերադասէ տիրանալ մեր երկրին, առանց դիմադրութեան»: Ազերպայճանի համար Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական բռնագրաւումէն բացի, խաղաղութեան այլ տարբերակ ընդունելի չէ։ Դո՛ւք դատեցէք։ Ազերպայճան կը խօսի խաղաղութեան մասին, բայց ձեռնարկած է չհրահրուած յարձակումի Լեռնային Ղարաբաղի դէմ, այնտեղ իրագործելով ցեղային զտում ու ցեղասպանութիւն։

Այսօր՝ Ղարաբաղի մէջ ո՛չ մէկ Հայ կայ. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան անդամները՝ երեք նախկին նախագահները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի նախագահը առեւանգուած են ու կը գտնուին Ազերպայճանի բանտերուն մէջ։ Սա պահուս, երբ ես պատիւ ունիմ դիմելու այս յարգարժան լսարանին, ազերպայճանական զօրքերը կը գտնուին միջազգայնօրէն ճանչցուած Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ։ Հայաստանի տարածքի շուրջ 250  քառ. քմ.ը կը գտնուի ազերպայճանական բռնագրաւման տակ։

Ազերպայճանական կրակէն խաղաղ բնակիչներ ու զինուորական ծառայողներ զոհուած են։ Սահմանամերձ գօտիին մէջ մարդոց կեանքը վերածուած է մղձաւանջի։ Ազերպայճան յայտարարած է, որ տարածքային պահանջներ չունի Հայաստանէն, բայց ետ չէ քաշած իր ուժերը իմ երկրէն։ Ճիշդ հակառակը՝ ան աւելի պահանջներ ունի Հայաստանէն։ Հայաստանը նոյնիսկ «Արեւմտեան Ազերպայճան» անուանած է։ Ազերպայճան վկայակոչած է 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, որ կը պահանջէ միջանցք Հայաստանէն, սակայն ան կը մոռնայ, որ իր բարեկամ Թուրքիոյ հետ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր ամբողջական շրջափակման մէջ կը պահեն Հայաստանը։ Նոր ճամբաներ խնդրելէ առաջ պէտք է բանան ճանապարհները։ Ազերպայճանի նոր տարածքներու ծարաւը չի յագենար 250  քառ. քմ.ով։

Ան նոր տարածքային պահանջներ ունի Հայաստանէն՝ Ալմաթիի հռչակագիրին շատ ընտրովի իր մեկնաբանութեան պատճառով։ Հայաստան յայտնուած է Ազերպայճանի նոր յարձակումի սպառնալիքին տակ։ Հայաստանի հետ սահմանին կուտակուած զօրքը, թրքական զինուած ուժերու հետ յաճախակի ռազմափորձերը եւ թշնամական հռետորաբանութիւնը իմ խօսքերուն ապացոյցն են։ Ազերպայճանի ախորժակը մեղմելու եւ Հայաստանի դէմ որեւէ նոր յարձակում կասեցնելու համար ԵւրոՆեսթ խորհրդարանական վեհաժողովը պէտք է յստակօրէն ընդգծէ, որ չի հանդուրժեր այդ երկրի յարձակողական կեցուածքը։ Ազերպայճան պէտք է ետ քաշէ իր ուժերը Հայաստանէն, վերջ տայ Հայաստանի շրջափակման, ազատ արձակէ բոլոր գերիներն ու պատանդները եւ վերադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական կարգավիճակի շուրջ քաղաքական բանակցութիւններու։ ԵւրոՆեսթ պէտք է շատ յստակ ըլլայ այս հարցով եւ անհրաժեշտ պարագային նոյնիսկ քննարկէ ԵւրոՆեսթին Ազերպայճանի անդամակցութիւնը կասեցնելու հարցը”։

Նշենք, թէ ԵւրոՆեսթի խորհրդարանական վեհաժողովը խորհրդարանական մարմին մըն է, որուն մաս կը կազմեն Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ եւ խորհրդարանականներ Ուքրաինայէն, Մոլտաւիայէն, Պելառուսէն, Հայաստանէն, Ազէրպայճանէն եւ Վրաստանէն: Վեհաժողովը ստեղծուած է որպէս Արեւելեան գործընկերութեան բաղադրիչ։