Search
Close this search box.

Եւրոպական Միութեան առաքելութեան պատուիրակութիւնը այցելած է Սիւնիք

 

Սիւնիքի մէջ 38 սահմանամերձ բնակավայր ազերպայճանական զինուորներու անմիջական սպառնալիքի տակ է

Հոկտեմբեր 20-ին, Սիւնիք այցելած է Եւրոպական Միութեան թեքնիք գնահատման առաքելութեան պատուիրակութիւնը։

Սիւնիքի մարզպետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ մարզային իշխանութեան եւ ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչները շեշտած են, որ պատրաստ են ամէն գնով աջակցելու պատուիրակութեան աշխատանքներուն, յոյս յայտնելով որ՝ անոնց գործունէութիւնը կրնայ երկար սպասուած խաղաղութիւնը բերել տարածաշրջան։

Հիւրերուն ներկայացուած են տեղեկութիւններ՝ ազերպայճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքով մարզի տուժած բնակավայրերու մասին, եւ յատկապէս ընդգծուած է, որ Սիւնիքի սահմաններու երկայնքին Ազերպայճան կը գործէ ոչ միայն ընդդէմ հայկական զինուած ուժերուն, այլեւ՝ խաղաղ բնակչութեան։

Փոխմարզպետ Հայկ Յարութիւնեանի համաձայն՝ Սիւնիքի մէջ 38 սահմանամերձ բնակավայր ազերպայճանական զինուորներու կողմէ անմիջական սպառնալիքի տակ կը գտնուի, եւ այդ վայրերուն մէջ կը խախտուի ոչ միայն բնակիչներու խաղաղ ապրելու իրաւունքը, այլեւ երախաներու մօտ ի յայտ եկած են ծանր հոգեբանական խնդիրներ։

Ըստ պատուիրակութեան հաղորդուած տուեալներուն՝ Սեպտեմբեր 13-էն սկսած մարտական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած է մարզի 6 բնակավայր, վնասուած՝ 18 բնակելի տուն, վարչական շէնքեր, քաղաքացիներու կառքեր, գիւղատնտեսական սարքեր ու կազմակերպութիւններու շինարարական գործիքներ։ Թշնամիին կողմը մնացած են հազարաւոր փոքր եղջերաւոր անասուններ։

Սիւնիքի մարզպետի տեղակալները պատուիրակութեան անդամներուն ուղեկցած են նաեւ Կապանի Ներքին Հանդ եւ դէպի Սիսիանի Իշխանասար տանող հատուածներ։ Տեղւոյն վրայ ԵՄ-ի պատուիրակները արձանագրած են, որ Ներքին Հանդը փաստօրէն երեք կողմէն շրջափակման մէջ է, եւ կիներն ու երախաները կը շարունակեն բնակիլ դրացի գիւղերուն մէջ։ Հոն՝ թշնամիի նշանառութեան տակ յայտնուած է նաեւ գերեզմանատունը։ Արձանագրուած են Կապանի Սրաշէն, Ճակատէն, Շիկահող, Գորիսի Վերիշէն, Ակներ եւ Տեղ համայնքի Վաղատուր գիւղերուն առնչուող խնդիրներ։