Նոյեմբեր 1-ին, Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դիտորդական առաքելութիւնը Եղէգնաձորի մէջ նոր գրասենեակ մը բացած է, տեղեկացնելով, որ պարեկներու թիւը սա պահուս կը հասնի հազարի, դէտերունը՝ հարիւրի։
Ընդգծելով, որ այս տարածաշրջանը արժանի է մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան՝ առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր յոյս յայտնած է, որ միասին կը յաջողին նպաստել այդ նպատակի իրականացման։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ ԵՄ-ի առաքելութեան միացած է Գանատան եւ թէ մինչեւ տարեվերջ Պրիւսէլի մէջ ընլայնման հարցը պիտի քննարկուի։
Գրասենեակի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր, ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավար Վասիլիս Մարակոս եւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։