Սեպտեմբեր 9-ին, Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտութեան վերաբերեալ:
Այս մասին գրած է Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բանբեր Նապիլա Մասրալի։
«2023 Սեպտեմբեր 9-ին Ստեփանակերտի մէջ, այսպէս կոչուած՝ “նախագահական ընտրութեան” վերաբերեալ՝ Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ, որ չի ճանչնար ընտրութեան կայացման սահմանադրական եւ իրաւական շրջանակը:
Միեւնոյն ատեն Եւրոպական Միութիւնը կը հաւատայ, որ կարեւոր է Ղարաբաղի Հայերուն համար համախմբուիլ տէ ֆաքթօ ղեկավարութեան շուրջ, որ կարողութիւն եւ կամք ունի ներգրաւուելու Պաքուի հետ արդիւնաւէտ քննարկումներու մէջ։ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է աջակցելու այս գործընթացին»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։