Search
Close this search box.

Եւրոպական Միութիւնը կրկին կոչ կ՚ընէ Պաքուին՝ ապահովելու Արցախի հայերու իրաւունքները, ներառեալ՝ տուն վերադարձը

«Եւրոպական Միութիւնը կրկին կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանին ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները, ներառեալ՝ առանց ահաբեկութեան կամ խտրականութեան իրականացնելու վերջիններուս տուն վերադարձը»,– նշած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսէփ Պորէլ՝ գրաւոր պատասխանելով Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու հարցումներուն։

Բացի ատկէ, Պորէլ ընդգծած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն՝ չլուծուած բոլոր հարցերու շուրջ։ Ըստ անոր՝ վստահութեան ամրապնդման միջոցները, ներառեալ «Պաքու գտնուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը» ու անոնց հայրենիք վերադարձը կրնան օգուտ բերել խաղաղ գործընթացին եւ ճամբայ հարթել կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման համար։

«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղէն բանտարկեալներու կացութեան, ապա Եւրոպական Միութիւնը Ազերպայճանին կոչ կը յղէ յարգելու պատշաճ ընթացակարգը, անոնց պաշտպանութեան հիմնական սկզբունքները եւ ապահովելու թափանցիկութիւնը»,– նշուած է Յանձնակատարի պատասխանին մէջ։