Search
Close this search box.

Եւրոպական Միութիւնը հաստատած է Հայաստան դիտորդական առաքելութիւն ղրկելու որոշումը

 

Հոկտեմբեր 17-ին, Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց նախարարները Լիւքսեմպուրկի մէջ հաստատած են Հայաստան դիտորդական առաքելութիւն ղրկելու որոշումը, որու շուրջ համաձայնութիւն կայացած էր այս ամսուան սկիզբը Փրակայի մէջ՝ Հայաստանի, Ազերպայճանի, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներու հանդիպումին։

Արտաքին գործոց նախարարներու նիստէն ետք, Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսէփ Պորէլ յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին յանձնառու է նպաստելու Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան, աւելցնելով.-

“Մենք 40 հոգիէ բաղկացած դիտորդական առաքելութիւն պիտի տեղակայենք հայ-ազերպայճանական սահմանի երկայնքին՝ ամրապնդելու վստահութիւնը անկայուն շրջանի մը մէջ, ուր մարդկային կեանքերը վտանգի տակ են”։

Ըստ «Ազատութիւն» լրասփիւռի հաղորդած տեղեկութիւններուն, փորձագէտները Հայաստան պիտի ժամանեն Վրաստանէն, ուր Եւրոպական Միութիւնը 200 հոգինոց քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայած է 2008 թուականէն ի վեր՝ ռուս–վրացական կարճատեւ պատերազմէն ետք։ 

Ըստ սկզբնական համաձայնութեան՝ առաքելութիւնը իր աշխատանքը պիտի սկսի Հոկտեմբերին եւ գործէ առաւելագոյնը երկու ամիս։