Search
Close this search box.

Եւրոպական Միութիւնը մարդասիրական օդային միջանցք պիտի բանայ՝ Կազայի ժողովուրդին օգնելու նպատակով

 

Եւրոպական յանձնաժողովի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) մարդասիրական օդային միջանցքով օգնութիւն պիտի հասցնէ պաշարուած Կազայի ժողովուրդին։

«ԵՄ-ը այժմ կը սկսի մարդասիրական օդային կամուրջի գործողութիւնը, որ բաղկացած է դէպի Եգիպտոս քանի մը թռիչքներէ՝ Կազայի հատուածին մէջ տեղակայուած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կենսական անհրաժեշտութեան պարագաներ մատակարարելու համար»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«ԵՄ-ի մարդասիրական օդային կամուրջ» Պաղեստինին, իսկ Արցախին՝ ոչ

Այս կապակցութեամբ Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան Դիմագիրքի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարած է “ԵՄ-ի մարդասիրական օդային կամուրջ” գործողութիւնը սկսելու մասին՝ Կազա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու նպատակով։

Ես, ի հարկէ, դէմ չեմ Կազայի խաղաղ բնակիչներուն մարդասիրական իրաւունքներու պաշտպանութեան, եւ ինչ որ տեղի կ՚ունենայ վերջին օրերուն, պարզապէս մարդկային ողբերգութիւն է` երկուստեք հազարաւոր զոհեր, որոնց մէջ կիներ եւ երախաներ:

Բայց ինչո՞ւ միջազգային դերակատարները մարդասիրական օդային միջանցք չբացին Արցախի 9-ամսեայ շրջափակման ընթացքին, ինչո՞ւ նոյն դերակատարները լուռ կը հետեւէին ազերպայճանական անմարդկային գործողութիւններուն եւ Արցախի մէջ ցեղային զտման արարքներուն: Անոնք իրենց անտարբերութեամբ ու լռութեամբ պատճառ դարձան հարիւրաւոր զոհերու եւ նպաստեցին Արցախահայութեան հայրենազրկման գործընթացին»: