Եւրոպական յանձնաժողովը 15 միլիոն եւրօ կը յատկացնէ Հայաստանին՝ ընկերա-տնտեսական բնագաւառի հարցերուն օժանդակելու նպատակով։
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան այս կապակցութեամբ յայտարարած է, թէ 15 միլիոն եւրօ ընդհանուր գումարով ծրագրի նպատակն է նպաստել Արցախէն բռնի տեղահանուածներու միջին եւ երկար ժամանակի խնդիրներու լուծման։ Մասնաւորապէս, կը նախատեսուի միանուագ դրամական աջակցութիւն՝ առժամեայ կացարաններու, համայնքային ծախսերու համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։