Եւրոպայի խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու համաժողովը Արցախի հարցով հրատապ քննարկում կազմակերպած է եւ ընդունած հռչակագիր մը։
Եւրոպայի խորհուրդի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը այս կապակցութեամբ X-ի իր էջին գրած է հետեւեալը.
«Եւրոպայի խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու համագումարը խստօրէն դատապարտեց Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւնը՝ ափսոսանք յայտնելով մարդասիրական հետեւանքներուն համար եւ Պաքուի կոչ յղեց ազատ արձակելու Արցախի բանտարկուած ներկայացուցիչները»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։