Search
Close this search box.

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» համաեւրոպական զօրաշարժ

Փարիզի հանրահաւաքէն

Եւրոպահայութիւնը կը շեշտէ իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու պայքարը Արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար

Յունուար 27-ին, ինչպէս նախատեսուած էր, ծայր առաւ երկու օրերու վրայ երկարող «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած, իր տեսակին մէջ երկրորդ բողոքի ցոյցերու շարքը: Առաջինը տեղի ունեցած էր 2023 Հոկտեմբեր 1-ին Պրիւսէլի մէջ:

Նախապէս մամուլին յղած իր հաղորդագրութեան մէջ Շարժումը՝ «Պայքարը պէտք է շարունակուի» հրամայականին տակ կոչ ուղղած էր Եւրոպայի Հայերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի եւրոպացի բարեկամներուն Յունուար 27-28-ին համախմբուելու եւրոպական աւելի քան 50 քաղաքներու մէջ, եւ իրենց բողոքը արտայայտելու՝ դատապարտելով Ազերպայճանի իշխանութիւններու ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, պահանջելու ազատ արձակել ռազմագերիները, զօրակցութիւն յայտնելով իր հողերէն բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան եւ մղելու եւրոպական պետութիւնները ի հարկին պատիժներ գործադրելու Պաքուի բռնապետական վարչակազմին դէմ:

Ինչպէս 2023 Հոկտեմբեր 1-ի համահայկական ցոյցին, այս անգամ եւս Շարժումը յաջողեցաւ զօրաշարժի ենթարկել Եւրոպայի Հայութիւնը, միաւորելով հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ, անգամ մը եւս հաստատելով Արցախի արդար դատին համար պայքարի նոր հանգրուան անցնելու Հայութեան վճռակամութիւնը:

Հաւաքներու ընթացքին կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններու ղրկած ուղերձը, որ «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած նախաձեռնութուններուն զօրակցութիւն յայտնելէ ետք, կ’ըսէր թէ անոնք «այս աղէտալի պայմաններուն մէջ յոյս ներշնչող բացառիկ ազդակներ են» եւ Արցախահայութեան անունով՝ «Երախտագիտութիւն կը յայտնեն այն հոգատարութեան եւ աջակցելու պատրաստակամութեան համար, որ կը ցուցաբերեն եւրոպական հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ՝ Արցախի օժանդակութեան նպատակին շուրջ օրակարգ ձեւաւորելու մեծածաւալ աշխատանքին միջոցով»: Ապա, կը հաստատէ. «Խորապէս համոզուած ենք, որ համազգային համախմբումը եւ անոր սահմաններու ընդլայնումը, հայրենիքի մէջ պահանջուած ու սպասուող աշխատանքի իրականացման հետ մէկտեղ, կարող են ստեղծել այն նախադրեալները, որոնք անհրաժեշտ են մեր գլխաւոր խնդիրի՝ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով, Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձը իրականացնելու համար»:

• Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքին, Նիսի եւ շրջակայքի Հայութեան կողքին ներկայ եղած են քաղաքապետ Քրիսթիան Էսթրոզի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Մակալի Ալթունեան, Կաէլ Նոֆրի, Ֆրանք Մարթէն եւ Իզապէլ Վիզանթէն, ինչպէս նաեւ Ալփ Մարիթիմ նահանգի փոխնախագահ՝ Օկիւսթ Վերոլա: Յատկանշական է նաեւ Նիսի մէջ տեղի ունեցած հաւաքին թուրք այլախոհ մտաւորական, քաղաքական գործիչ Փընար Սելեքի ուղերձը, ուր զօրակցութիւն յայտնելէ ետք ցուցարարներուն, կ’ըսէ թէ հակառակ անոր, որ ինք Հայ չէ, սակայն պատրաստ է պայքարելու Հայաստանի համար, որովհետեւ աշխարհը արդար պարտք մը ունի Հայաստանին: Ան կ’աւելցնէ, թէ Հայաստանը պաշտպանելով՝ պաշտպանած կ’ըլլանք նաեւ արդարութիւնը, արժանապատւութիւնը եւ խաղաղութիւնը:

• Գլերմոն-Ֆերան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, քաղաքի Հայութեան կողքին, ներկայ եղան տեղւոյն քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

• Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի շէնքին դիմաց ալ խումբ մը Հայեր բարձրացուցին իրենց բողոքի ձայնը եւ պատասխանեցին թղթակիցներու հարցումներուն:

• Մեզիէօ քաղաքին մէջ, տեղւոյն Հայութեան կողքին հաւաքին ներկայ եղան քաղաքապետական խորհուրդի 4 անդամներ, որոնց կարգին փոխքաղաքապետ՝ տիկին Օտէթ Կարպրէշթ:

• Շուէտի Սէօտըրթելիէ եւ Վեսթըրուաս քաղաքներուն կեդրոնական հրապարակներուն մէջ տեղի ունեցան հաւաքներ մասնակցութեամբ քաղաքի բնակիչներուն: Հաւաքներուն ընթացքին, տեղեկացման աշխատանքէ մը ետք ներկայացուեցան «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումի՝ Արցախահայութեան պահանջները:

• Լոնտոնի մէջ Առաջնորդ Սրբազանի եւ գաղութի միութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը որուն ընթացքին, Անգլիահայ գաղութի համայնքային խորհուրդի եւ Թեմի Առաջնորդի անոնով հրապարակուեցաւ Արցախի դատին եւ Արցախահայութեան իրաւունքներուն զօրակցող յայտարարութիւն: Լոնտոնի կեդրոնական թաղամասին մէջ, լոնտոնահայ երիտասարդներ բաժնեցին Արցախի դատը ներկայացնող թռուցիկներ:

• Գերմանիոյ Քէօլն, Համպուրկ եւ Պրեմըն քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան նախաձեռնութիւններ ուր գաղութներու հայ երիտասարդութիւնը եւ բազմաթիւ անդամներ Արցախի զօրակցական խօսքեր արտասանեցին:

Յունուար 28

• Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարի բակին մէջ խմբուած ժողովուրդը արարողութենէն անմիջապէս ետք, առաջնորդութեամբ Սրբազան հօր, քալելով ուղղուեցաւ դէպի Կոմիտասի արձանը, ուր տեղի ունեցաւ ցոյց-հաւաքը: Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Արցախի փառերգերէն ետք կարդացուեցան ուղերձները: Հաւաքին ներկայ էին ֆրանսական մամուլի ներկայացուցիչներ:

• Ալֆորվիլի հայութիւնը ժամադրուած էր քաղաքապետարանի հրապարակը։ Քանի մը հարիւր հայորդիներու ներկայութեան՝ ժամը 12-ին շարժումին անունով խօսք առաւ Արին Թաշճեան։ Ապա յաջորդաբար խօսք առին Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Յովհաննէս Գէորգեան, Ալֆորվիլի քաղաքապետ՝ Լիւք Գարվունաս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, Վալ-տը-Մառնի երեսփոխան՝ Իզապէլ Սանթիակօ: Վալ-տը-Մառնի ծերակուտական Լոռանս Ռոսինիոլ: Հայր Տիրայր Գըլըճեանի եւ պատուելի Ժիլպէր Լէոնեանի տէրունական աղօթքէն ետք Սուրբ Մեսրոպ – Արապեան վարժարանի աշակերտները յաջորդաբար երգեցին՝ Արցախի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը։

Ալֆորվիլ. քաղաքապետ Գարվունաս կ՚արտասանէ իր ճառը

• Իսի-լէ-Մուլինոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի արդար դատին: Հաւաքին խօսք առաւ Իսի-լէ-Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան:

• Արնուվիլի հաւաքին մասնակցեցան նաեւ Սարսէլի, Սըւրանի եւ Լիվրիի միութիւնները: Ներկայ էր Առնուվիլի քաղաքապետ Փասքալ Տօլ, ընկերակցութեամբ կարգ մը փոխքաղաքապետերու եւ խորհրդականներու: Հոգեւոր հայրեր ալ մասնակցեցան հաւաքին: Քաղաքական եւ միւութենական դէմքեր խօսք առին, ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը: Մշակութային ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ հանրութեան: Խօսք առաւ քաղաքապետ Տօլ, որ մասնաւորաբար յայտարարեց, թէ ինչ որ կը պատահի Արցախի մէջ՝ շարունակութիւնն է 1915-ի ցեղասպանութեան եւ թէ Ալիեւ եւ Էրտողան կանգ պիտի չառնեն եթէ Եւրոպան, Ֆրանսան եւ Հայաստանի բարեկամները չմիջամտեն: 

• Անթոնիի մէջ «Անթոնիի ֆրանսահայ միութեան» երիտասարդները հանդիպում մը կազմակերպեցին պատմաբան Յարութիւն Գէորգեանի հետ, «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին ծիրէն ներս:

• Փլեսի-Ռոպենսոնի ցոյցը տեղի ունեցաւ ժամը 16-ին, Ազատութեան հրապարակը, Զօր. Անդրանիկի արձանին եւ հոն տեղադրուած խաչքարին մօտակայքը: Խօսք առին փոխքաղաքապետ Գորին Մար Տիւկէր եւ Իւնիսոն (Unisson) միութեան ներկայացուցիչը: Ներկայ էին նաեւ փոխքաղաքապետեր Սիրիլ Փեքրիօ, Էլիզապէթ Տիւպուա եւ խորհրդական Սանտրա Պասմաճեան:

• Փալեզոյի մէջ տեղի ունեցաւ, իրազեկման աշխատանք. քաղաքի հայկական կազմակերպութիւնները Փալեզոյի կեդրոնական հրապարակին վրայ բաժնեցին թռուցիկներ:

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի՝ հանրահաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ Շաթորուի, Տեսինի, Վիլէօրպանի, Կրընոպլի, Վալանսի, Մարսիլիոյ մէջ. իսկ Ֆրանսայէն դուրս՝ Թիֆլիս, Իասի եւ Քոսթանցա (Ռումանիա), Նիկոսիա եւ Լիմասոլ (Կիպրոս), Աթէնք, Գաւալա, Սելանիկ, Փիրէա եւ Սերէս (Յունաստան), Պրուսէլ եւ Մեխելէն (Պելճիքա), Ամսթերտամ, Ալմելօ, Անհեմ (Նետերլանտներ), Վիեննա (Աւստրիա)։ 

Պուլկարիոյ մէջ, Պուրկասի Ս. խաչ, Վառնայի Սուրբ Սարգիս, Ռուսէի Սուրբ Աստուածածին, Փլովտիվի Սուրբ Գէորգ, Սոֆիայի Սուրբ Աստուածածին, Խասկովի Սուրբ Ստեփանոս, Շումէնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ Պուլկարահայութիւնը, իր կարգին, մասնակից դարձաւ Արցախի զօրակցութեան բողոքի հաւաքներուն:

Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ Արցախի նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն: ■