Գերմանիոյ մէջ ընթացող Եւրօ-2024 ֆութպոլի մրցաշարքին՝ քառորդ աւարտականներու ընդառաջ մրցումներուն՝ Աւստրիոյ դէմ Թուրքիոյ տարած յաղթանակին յաջորդ օրը ԻՒԷՖԱ-ն հետաքննութիւն սկսած է նշեալ խաղին թրքական երկու կոլերու հեղինակ թուրք ֆութպոլիստ Մերիհ Տեմիրալի վիճայարոյց արարքին դէմ:
Արդարեւ, Տեմիրալ X ընկերային ցանցի իր հաշիւին վրայ տեղադրած է մրցումի աւարտին յաջորդող իր մէկ նկարը, ուր ան «Գորշ գայլեր»-ու նշանը կ՚ընէ յաղթական. Նկարին ալ կցած է Մուսաթա Քեմալի կարգախօսը. «Երանի՜ անոր որ թուրք է»։
ԻՒԷՖԱ-ն մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած է, թէ նշանակած է «բարոյագիտական եւ կարգապահական քննիչ» մը եւ խոստացած՝ այս հարցին վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկութիւններ հաղորդել հետագային։ Միւս կողմէ Գերմանիոյ Ներքին գործոց նախարար Նենսի Ֆեյզեր ալ X-ի իր հաշիւին գրած է. «Թուրք աջակողմեան ծայրայեղականներու խորհրդանիշը տեղ չունի մեր մարզադաշտերուն մէջ։ Ֆութպոլի Եւրօն որպէս ցեղապաշտութեան հարթակ օգտագործելը բացարձակապէս անընդունելի է։ Մենք կը սպասենք, որ ԻՒԷՖԱ-ն հետաքննէ գործը եւ քննարկէ պատժելու հարցը»:
Անցեալին ի մասնաւորի Թորինոյի «Եուվենթուս»-ի եւ ներկայիս «Ալ-Ահլի»-ի (Սաուտական Արաբիա) խաղացող Մերիհ Տեմիրալ կրնայ տուգանուիլ կամ որակազրկուիլ, մինչ Թուրքիա Շաբաթ օր Պերլինի մէջ պիտի հանդիպի Նետերլանտներու հետ, ի հաշիւ քառորդ աւարտականի:
Թուրքիոյ ներկայի իշխանութեան մերձաւոր մամուլը, հաղորդելով այս իրադարձութիւնը, ոչ միայն չի դատապարտեր անընդունելի արարքը կամ գոնէ չի փորձեր զայն նսեմացնել «դիւանագիտական» կեցուածք դրսեւորելով, այլ ընդհակառակն, կ՚աջակցի անթաքոյց հպարտութեամբ,– կարծէք պատիւ բերէր,– վերնագրելով. «Ահա լաւագոյն պատասխանը Աւստրիոյ, որ արգիլած էր “Գորշ գայլեր”-ու նշանը»։
Բայց ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել այլ բան, երբ երկրին նախագահն իսկ սովոր է այդ միջազգայնօրէն արգիլեալ շարժումը ընելու։
Ի դէպ, ան հազիւ թէ թաքուն կեցուածք ալ ճշդած է այս հարցին նկատմամբ։ Ըստ թրքական մամուլին՝ Էրտողան յայտարարած է, թէ կը ջնջէ Ազերպայճան նախատեսուած այցելութիւնը,– որու ընթացքին պիտի մասնակցէր թրքալեզու պետութիւններու նոր մէկ ժողովին,– քանի որ պէտք է երթայ Գերմանիա, ուր Շաբաթ, Յուլիս 6-ին տեղի պիտի ունենայ Եւրօ-2024-ի ֆութպոլի քառորդ աւարտականի՝ Թուրքիա-Նետերլանտներ մրցումը «եւ վերջին զարգացումներէն ետք (նկատի ունի վերեւ նշուած գայթակղութիւնը – «ՆՅ») կ՚ուզէ գտնուիլ թուրք համակիրներու կողքին, անոնց սասանուած տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար»։
Ինչպէս կ՚երեւի, ոչ մէկ խօսք դատապարտումի եւ կամ՝ սա կամ նա ձեւով արդարացումի… ընդհակառակն…։
***
Հարկ է նաեւ նշել, որ այս արարքը ինքնին դատապարտելի եւ գրգռիչ ըլլալէ անդին ալ կը «զուգադիպի» Սվասի ջարդի տարելիցին հետ, որ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ վերջին տասնամեակներու պատմութեան սեւ էջերէն մէկը։ Արդարեւ, 1993 Յուլիս 2-ին Թուրքիոյ Սվաս (Սեբաստիա) քաղաքին մէջ արմատական իսլամականներու գլխաւորած խռովութեան ընթացքին հրկիզուած էր հանդիսասրահ մը, հրդեհը պատճառ դարձած էր 37 հոգիի մահուան, ի շարս որոնց՝ 33 ալեւի մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու, որոնք ի մի եկած էին համագումարի մը առիթով։
CNN Türk-ի համաձայն՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն (ԱԳՆ) հրաւիրուած է Գերմանիոյ դեսպանը՝ թուրք ֆութպոլիստի հարցին կապակցութեամբ։
Նախարարութիւնը յայտարարած է «ԻՒԷՖԱ-ի կողմէ՝ իր մարզիկին հետաքննութեան անթոյլատրելիութեան մասին» եւ Գերմանիոյ իշխանութիւններու վերաբերումը անուանած է «քաղաքական դրդապատճառներով այլատեացութիւն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։