Search
Close this search box.

Զախարովա՝ Զաթուլինի եւ Սիմոնեանի՝ Հայաստան մուտքի արգիլման մասին

 

«Դիւանագիտական ճամբով անյապաղ դիմած ենք հայկական կողմին»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարած է, թէ Մոսկուա դիւանագիտական ճամբով դիմած է Երեւանին՝ Պետական Տումայի երեսփոխան Քոնսթանթին Զաթուլինի եւ «Russia Today» լրասփիւռի խմբագրապետուհի Մարկարիթա Սիմոնեանի՝ Հայաստան մուտքի արգելքի վերաբերեալ տեղեկութեան հաստատման եւ այդ առնչութեամբ պարզաբանման համար։ “Խնդրած ենք բացատրել այդ որոշումին պատճառը։ Երբ պաշտօնական պատասխանը ստանանք, կ՚որոշենք մեր հետագայ քայլերն ու արձագանգը”,– ըսած է Զախարովա, աւելցնելով որ՝ թէ՛ Զաթուլին եւ թէ՛ Սիմոնեան ունին անձնական կարծիքներ, բայց հրապարակաւ միշտ հանդէս եկած են երկկողմ դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման ի նպաստ եւ ինք անոնցմէ այլ բնոյթի յայտարարութիւն չէ լսած։