Search
Close this search box.

Զախարովա․ «Ափսոս է, որ Հայաստան ինքզինք կը համեմատէ ԵՄ-ի հետ»

Մոսկուա կը պնդէ, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու փլուզման արշաւի մը ձեռնարկած է, եւ Արեւմուտքը Երեւանի միջոցով կը ջանայ Ռուսաստանը դուրս մղել Հարաւային Կովկասէն: Մոսկուայի ու Երեւանի միջեւ լարումի նոր պատճառ դարձած է Պրիւսէլի մէջ կազմակերպուող՝ Հայաստանի վարչապետի, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի հանդիպումը: 

Այս համածիրին մէջ, պատասխանելով «Զվեզտա» հեռատեսիլի կայանի հարցումներուն՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, թէ «ափսոս է, որ Հայաստան ինքզինք կը համեմատէ Եւրոպական Միութեան հետ»։

“Գիտէ՞ք ինչն է, որ զիս կը զարմացնէ։ Ինչո՞ւ երեւանեան ներկայի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները այդքան կ՚արժեզրկեն Հայաստանը։ Ինչո՞ւ անոնք հնագոյն հայկական քաղաքակրթութիւնը՝ իր մշակոյթով, պատմութիւնով, պետականութեամբ, որոնք եւրոպականէն շատ աւելի հին են, կը համեմատեն այժմ փակուղիի մէջ գտնուող ԵՄ-ի հետ”, – ըսած է Զախարովա, որ նաեւ մէջբերելով ԱՄՆ-ու նախկին Արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Վիքթորիա Նիուլանտի խօսքերը, փորձած է ցոյց տալ, թէ ի՛նչ աստիճանի, – բոլոր մակարդակներու վրայ,– անկման մէջ է Եւրոպան։

***

Զախարովայի այս յայտարարութիւններուն անկեղծութիւնը բնականաբար աւելի քան վիճելի է։ Ան, «դիւանագէտ»-ի վայել արտայայտութիւններ կ՚ունենայ՝ ըստ իրադրութեան պարտադրանքներուն՝ իր երկրի վարած քաղաքականութեան կամ դիւանագիտութեան ջաղացքին ջուր կրելու համար։

Բայց եւ այնպէս, պարկեշտ լրագրութեան օրէնքն է ըսուածը նոյնութեամբ հասցնել ընթերցողին, իսկ եթէ կան անհրաժեշտ նկատողութիւններ ալ այս կամ այն հարցին մասին, զանոնք ալ կցել լրատւութեան։

Ազերպայճանական մեզի ծանօթ բովանդակ մամուլը զուրկ է այս պարկեշտութենէն։ Ամէն ինչ կը ներկայացնէ, այնպէս ինչպէս պիտի ուզէր, որ ըլլար։ Զախարովայի այս խօսքերն ալ,– անոնք որքան ալ ըլլան կեղծաւոր՝ մեր կարծիքով,– ազերպայճանցի հասարակութեան հրամցուած են հետեւեալ խորագրին տակ, նոյն այդ խորագրին հէնքով ընթացող բովանդակութեամբ. «Հայաստանի համար անպատշաճ է ինքզինք ներկայացնել որպէս իբրեւ թէ ժողովրդավարական արժէքներ ունեցող եւրոպական երկիր»

Այս երեւոյթին մեր տեսած ուրիշ մէկ օրինակը կը վերաբերի նոյնպէս Զախարովայի նոյն առիթով ըրած մէկ այլ յայտարարութեան։ 

Հայաստան-Ազերպայճան սահմանին «հայկական ուժերու կուտակման» մասին ազերպայճանական ստայօդ ու գրգռիչ պնդումին մասին հարցումի մըն ալ պատասխանելով՝ ան ըսած է, թէ յատկապէս երկու երկիրներու, իմա՝ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի ՄԱՄՈՒԼները զերծ պէտք է մնան գրգռիչ հրապարակումներ կատարելէ։ 

Ազերպայճանական մամուլին մէջ, այն լրատւութիւնը ուր կը տրուին այս մանրամասնութիւնները, խորագրուած է «Զախարովա մեկնաբանեց հայկական ուժերու կուտակումը՝ Ազերպայճանի հետ սահմանին»։

Այլ խօսքով, մինչ լուրը յատկապէս  կը վերաբերի գրգռութիւններէ զերծ մնալու՝ մամուլին յղուած պատգամի մը, լրատւութեան խորագրով իսկ գրգռութիւն կը կատարուի։