Ռուսական կողմը կ՚ակնկալէ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին եւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու ոչ- պաշտօնական հանդիպումին։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Դեկտեմբեր 20-ին լրագրողներուն հետ կարճ զրոյցի ընթացքին։
“Մենք կը յուսանք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ՚օգտուի Ռուսաստանի նախագահի հրաւէրէն եւ Դեկտեմբեր 25-26-ին կը ժամանէ Ս. Փեթերսպուրկ, մասնակցելու Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին եւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու աւանդական նախաամանորեայ հանդիպումին”,– կարճ զրոյցի ընթացքին ըսած է Զախարովա։
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի վարչապետին նման այցը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ «արծարծելու հետաքրքրող բոլոր հարցերը»։
Նշենք, որ նախապէս ալ Ռուսաստանի նախագահ Փութին յայտարարած էր, որ կ՚ակնկալէ հանդիպիլ ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներուն հետ, վերոնշեալ նիստերուն առիթով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։