Օգոստոս 28-ին, «Կոմիտաս» թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է շուիահար, դուդուկահար, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի եւ արցախցի դաշնակահար Նադեժդա Յակոբեանի համերգը՝ «Միասնականչ» խորագրով:
Արցախի բռնագրաւումէն ետք, սա Զաքար Քէշիշեանի առաջին համերգն է, որ համախմբած է արցախցիները՝ Արցախի հողէն դուրս։ Երեսուն տարիներու ընթացքին Քէշիշեան դարձած է արցախցիներու սիրելին, հետեւաբար համերգը յարմար առիթ եղած է մշակութասէր արցախցիներուն համար կրկին համախմբուելու ու վայելելու իրենց սիրելի երաժիշտին կատարումները։
Համերգին ներկայ եղած են նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդը, քաղաքական ու մշակութային գործիչներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։