Զաքիր Հասանով․– “Պատրա՛ստ եղէք հայկական կողմէն գրգռութիւններու անյապաղ կանխումին”

 

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Սեպտեմբեր 24-ին Կեդրոնական հրամանատարական շէնքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ հրամայած է իր ենթականերուն «որեւէ պահու պատրաստ ըլլալ Հայաստանի զինուած ուժերու գրգռութիւնները անյապաղ եւ վճռական կանխելու համար»։

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն` խորհրդակցութեան մասնակիցները «վերլուծած են Քելբաջարի եւ Լաչինի ուղղութիւններով, ինչպէս նաև ռուս խաղաղապահներու առժամեայ տեղակայման գօտիին մէջ ստեղծուած կացութիւնը»։

«Ինթերֆաքս Ազերպայճան» գործակալութիւնը մէջբերելով Ալիեւի խօսքերը,  գրած է.- «Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բարձր կը գնահատէ ա՛յն վճռական պատասխան գործողութիւնները, որոնք կիրարկուեցան ազերպայճանական բանակին կողմէ 2022 Սեպտեմբեր 12-էն 14՝ Հայաստանի զինեալ ուժերու լայնածաւալ գրգռութիւնները կանխելու համար»։

Նշենք, թէ Սեպտեմբեր 24-ին, Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը հաղորդած է, թէ Ազերպայճանի զինեալ ստորաբաժանումներէն մէկը փորձած է անցնիլ հայ-ազերպայճանական սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերէն մէկուն թիկունքը, սակայն հմուտ գործողութիւներու շնորհիւ թշնամին հարկադրուած է վերադառնալ իր դիրքերը։