Search
Close this search box.

Զաքիր Հասանով. «Որպէսզի Պաքուի հետ վերջնագրերու լեզուով չխօսին, բանակը պէտք է մարտունակ ըլլայ»

Օգոստոս 3-ին, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով բանակայիններու հետ տեղի ունեցած նիստին յայտարարած է. “Որպէսզի Պաքուի հետ ո՛չ ոք կարողանայ վերջնագրերու լեզուով խօսիլ, բանակը միշտ պէտք է իր մարտունակութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պահպանէ”։

Պաշտ. նախարարութեան  հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ նիստին «վերլուծուած են պայմանական սահմանին Հայաստանի գրգռութիւններու դէմ Ազերպայճանի Զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու ձեռնարկած հրատապ գործողութիւնները»:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Ազերպայճանի բանակի սպայակոյտի պետ Քերիմ Վալիեւ իր կարգին յայտարարած է, թէ «զինուորական անձնակազմի մասնագիտական մակարդակը ա՛լ աւելի բարձրացուած է»՝ տարբեր տեսակի զօրքերու ներգրաւմամբ միջազգային համատեղ ռազմափորձերու շնորհիւ։