Մայիսի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մէջ սկիզբ առած ցոյցերու եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններու ետին կայ խուլ պայքարը Հայաստանի ինքնիշխանութեան։ Բնականաբար, Հայաստան-Ռուսաստան դարաւոր յարաբերութիւնները, տնտեսական ներդրումները, ռուսական ռազմական ներկայութիւնը, Ռուսաստանի մէջ բազմամարդ հայ համայնքներու գոյութիւնը եւ անոնց Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները ռուսամէտ քաղաքացիական խաւ մը ստեղծած են, որուն սակայն այսօր կը հակառակի Հայաստանի մէջ քաղաքացիական այլ եւրոպամէտ խաւ մը, որ աւելի ստուարացաւ, ուժ ստացաւ Հայաստան-Ազերպայճան հակամարտութեան մէջ Ռուսաստանի՝ իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները զլանալուն պատճառով։
Վրաստան եւս, Հայաստանի նման ընտրութեան ընկրկումի մէջ է՝ Եւրոպական Միութի՞ւն, թէ՞ Ռուսաստան։ Ըստ երեւոյթին Թիֆլիս մայրաքաղաքի եւ կարգ մը մեծ քաղաքաներու բնակչութեան մեծամասնութեան ցանկութիւնը կը բախի տնտեսական շահերով եւ ռազմավարական նկատառումներով Ռուսաստանին կապուած վերնախաւի մը, որուն գլխաւոր քաղաքական ներկայացուցիչն է ռուսամէտ օլիկարխ Պիծինա Իվանիշվիլիի հիմնած «Վրացական երազ» կուսակցութիւնը։
Վրաստան-Հայաստան բարիդրացիական յարաբերութիւնները էական նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար, որուն դէպի Սեւ ծով ելքը կը պայմանաւորուի հիւսիսային սահմանին գտնուող դրացի Վրաստանի Ռուսաստան-Արեւմուտք հաւասարակշռուած քաղաքականութեամբ։ Չմոռնանք որ ներկայիս ֆրանսական զինամթերքի փոխադրութիւնը դէպի Հայաստան կը կատարուի Վրաստանի միջոցաւ։ Իրադրութիւնը կրնայ փոխուիլ, եթէ Վրաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները վերստին լարուին։
Արդէն ամիս մըն է որ «Արտասահմանեան գործակալներ»-ու օրինագիծը վրացական ժողովրդային բուռն ընդդիմութեան կը բախի։ Սակայն, երրորդ անգամ ըլլալով Խորհրդարանը կողմ քուէարկեց ընդդիմութեան կողմէ «ռուսական օրէնք» որակուած այս օրինագիծին։ Եւրոպական Միութիւնը որ Վրաստանը, Ուքրաինան եւ Մոլտաւիան ԵՄ-ի անդամութեան թեկնածու հռչակած էր, զգուշացուցած է, որ այս օրինագիծի ընդունման պարագային ԵՄ-ի անդամութեան դռները կը գոցուին Վրաստանի առջեւ։ Սակայն, հակառակ այս զգուշացումին Վրաստանի խորհրդարանը չէ հրաժարած խնդրոյ առարկայ օրինագիծը վաւերացնելէ։ Բանն ինչո՞ւմն է։
Ռուսաստանի հետ տնտեսական գործակցութիւնը էական գործօն է դանդաղեցնելու Վրաստանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցումը, զոր կը փափաքին ԵՄ-ը եւ ԱՄՆ-ն, Ռուսաստանը աւելի մեկուսացնելու համար։ Սակայն, Վրաստան ի տարբերութիւն Հայաստանի, ուղղակի սահմանակից է Ռուսաստանին։ Վրացական տնտեսութիւնը էապէս կախեալ է Ռուսաստանէն։ «Վրացական երազ» կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ եկաւ 2012-ին Ռուսաստանի հետ լարուած, չըսելու համար թշնամական յարաբերութիւնները մեղմացնելու քաղաքականութիւն վարելու հեռանկարով, երբ 2008-ի պատերազմը Վրաստանին մեծ վնասներ պատճառած էր, ռազմական, հողային ամբողջականութեան եւ տնտեսական առումներով։ Ռուսաստան-Ուքրաինա պատերազմին բերումով, ռուս գաղթականները մեծ ներդրում ունեցան Վրաստանի տնտեսութեան բարելաւման մէջ։ Ռուսական զբօսաշրջութիւնը եւ Ռուսաստան հաստատուած վրացիներու դրամական առաքումները տակաւին մեծ կշիռ ունին Վրաստանի տնտեսութեան մէջ։
Սակայն, տնտեսական ազդակներէն անդին կան նաեւ Ռուսաստանը չվշտացնելու ռազմավարական նկատառումներ Վրաստանի քաղաքական շրջանակներու հաշիւներուն մէջ։ Ո՞վ գիտէ թէ ի՞նչ վախճան պիտի ունենայ ռուս-ուքրաինական պատերազմը։ Վրաստան դեռ կը յիշէ 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմին հետեւանքները։ Ի՞նչ պաշտպանութիւն կրնայ Արեւմուտքը մատուցել Վրաստանին ռուսական յարձակումի պարագային։ Ռուս-վրացական խաղաղ յարաբերութիւնները մօտէն կը շահագրգռեն Հայաստանը, որուն կապը թէ՛ Ռուսաստանի թէ՛ ալ Արեւմուտքի հետ կ՚անցնի Վրաստանէն։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։