ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցած է Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Զուիցերիա կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է Հայաստանի, Արցախի անվտանգութեան առնչուող հարցերուն, զարգացման հեռանակարներուն, Սփիւռքի ներուժի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւններուն:

Աւարտին, Վահագն Խաչատուրեան պատասխանած է հայ համայնքի ներկայացուցիչները յուզող հարցումներուն։