Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։
Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) առաքելութիւնը Օգոստոս 14-ին յայտարարած է, թէ իրենք չեն նկատած ռազմական տեղաշարժ կամ զօրքի կուտակում յատկապէս Բերձորի միջանցքի մուտքին, փաստօրէն հերքելով Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ սահմանին զօրքերու կուտակման վերաբերեալ:
X-ի իր էջին Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը մասնաւորապէս գրած է.
«Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը ամէնօրեայ յաճախականութեամբ կը դիտարկէ ռազմական եւ ապահովութեան իրավիճակը հայ-ազերպայճանական սահմանի երկայնքին: Մենք չենք տեսներ որեւէ արտասովոր տեղաշարժ կամ զօրքի կուտակում յատկապէս Բերձորի միջանցքի մուտքին մօտ: Առաքելութիւնը կը շարունակէ իր հսկողութիւնը տուեալ հատուածին մէջ»:
Նշենք, որ Ազերպայճան յայտարարած էր, որ իբրեւ թէ հայ-ազերպայճանական սահմանին զօրքերու կուտակումներ կան: Այս ապատեղեկութիւնը արդէն հերքած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ ստայօդ տեղեկութիւններու տարածումը կը վկայէ տարածաշրջանի իրավիճակը լարելու Ազերպայճանի մտադրութեան մասին:
Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։
Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։