Search
Close this search box.

Էդուարդ Աղաջանեան.– “Պատերազմի հետեւանքով Հայաստան այլեւս չունի հնարաւորութիւն` ապահովելու Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը”

 

Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ (Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան երեսփոխան) Էդուարդ Աղաջանեան Factor TV-ի հետ հարցազրոյցին՝ լուրջ յառաջընթաց կը նկատէ Փրակայի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ համաձայնութեան արժանացած կէտերը։

Հողային ամբողջականութեան ճանաչումը ան համարած է կարեւոր համաձայնութիւն՝ արդէն սկսած բանակցային գործընթացին համար։

“Ուզում եմ առանձնայատուկ նշել սրա կարեւորութիւնը. առանց այս կարեւոր եւ սկզբունքային կէտի հնարաւոր չէր լինի որեւէ բովանդակային քննարկում ծաւալել խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ։ Սրանով սկիզբ է դրւում այս գործընթացին, ինչը լաւ նորութիւն է”,– ըսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի երեսփոխանը։

Անոր համաձայն` ցաւօք, 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Հայաստան այլեւս կարելիութիւնը եւ անհրաժեշտ պաշարները չունի ապահովելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, ազատութիւնները, իմա՝ անվտանգութիւնը։

“Նոյեմբերի 9-ի պայմանագրի, եռակողմ յայտարարութեան թերեւս կարեւորագոյն կէտը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան ծաւալումն է այն տարածքում, որտեղ շարունակում են ապրել արցախցի մեր հայրենակիցները, եւ թերեւս, կարծում ենք, որ այս հարցում մենք պէտք է ապաւինենք միջազգային հանրութեան գործիքակազմին, եւ անենք առաւելագոյնը, որ միջազգային հանրութեանը հասցնենք ա՛յն օրհասական, գոյութենական խնդիրները, որոնց մեր հայրենակիցներն առնչւում են Արցախում”,– ընդգծած է ան: