Էդուարդ Ասրեան նշանակուած է ՀՀ Զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ

 

Էդուարդ Ասրեան նշանակուած է ՀՀ Զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ՝ հինգ տարուան համար: Այս առթիւ նախագահի հրամանագիրը հրապարակուած է նախագահական պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Մէկ այլ հրամանագրով Արթուր Յարութիւնեան նշանակուած է ՀՀ Զինուած ուժերու սպայակոյտի հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ: