Search
Close this search box.

Էլնուր Մամետով. «Ֆրանսայի գործողութիւնները չեն նպաստեր տարածաշրջանի խաղաղութեան, պէտք չէ դրդել Հայաստանը նոր պատերազմի»

Գոլոմպիա կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետով ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է NTN24 հեռատեսիլին։

“Հայաստանին պաշտպանական եւ յարձակողական զինատեսակներ մատակարարող Ֆրանսայի գործողութնւնները չեն նպաստեր հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման”,– ըսած է ան, պնդելով որ «ազերպայճանական հողերը ոչ միայն երկար տարիներ տուժած են հայկական բռնագրաւման ծանր հետեւանքներէն, այլ նաեւ անոնք զանգուածաբար ականապատուած են»։ 

“Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին իրագործուած տեղական հակաահաբեկչական գործողութիւնները ուղղուած էին բացառապէս անօրինական զինուած անջատողական խմբաւորումներու դէմ”,– ընդգծած է Մամետով՝ շարունակելով Պաքուի նոյն անհիմն քարոզչական թեզը։