Էջմիածնի Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ Աստուածածնայ վերափոխման պատարագ մատուցուած է

 

Ներկայ եղած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը

Օգոստոս 14-ին, Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով,  Էջմիածնի Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ պատարագ մատուցուած է։ Այնուհետեւ  Մայր Աթոռի Սուրբ Տրդատի բաց խորանին կատարուած է խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, ներկայութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի։

Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղած են մեծ թիւով քաղաքացիներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ: