Search
Close this search box.

Էրտողան. «Թուրքիա ինչպէս որ մտաւ Լիպիա եւ Լեռնային Ղարաբաղ, կրնայ մտնել նաեւ Իսրայէլ՝ պաղեստինցիներուն օգնելու համար»

Յուլիս 28-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ռիզէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած՝ իշխանութեան «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ժողովին յայտարարած է, թէ իր ուժերը կրնան մտնել Իսրայէլ,– ինչպէս որ մտան Լիպիա եւ Լեռնային Ղարաբաղ,– պաղեստինցիներուն օգնելու համար։ Ան սակայն չէ յստակացուցած, թէ ի՞նչ օգնութեան մասին է խօսքը։

“Մենք պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլ չկարողանայ անհեթեթ գործողութիւններ կատարել Պաղեստինի մէջ։ Ճիշդ ինչպէս Ղարաբաղ եւ Լիպիա մուտք գործեցինք՝ կրնանք նոյնը ընել անոր նկատմամբ։ Չկայ բան մը որ չենք կրնար ընել, միայն թէ պէտք է զօրաւոր ըլլանք”,– շեշտած է ան։

Միւս կողմէ, Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ «Էրտողան Սատտամ Հուսէյնի ուղիով կ՚ընթանայ եւ կը սպառնայ Իսրայէլի վրայ յարձակիլ։ Ան պէտք է յիշէ, թէ ան ինչպիսի՛ աւարտ ունեցաւ»։