Search
Close this search box.

Էրտողան. «Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն մըն է»

Նոյեմբեր 15-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան՝ խորհրդարանին մէջ «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող խմբակցութեան հետ հանդիպումին, յայտարարած է, թէ Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն մըն է։ Ան վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ըրած է խոստովանիլ, որ Իսրայէլ միջուկային զէնք ունի։

«Ձեր վերջը, յամենայն դէպս, մօտ է, անկախ անկէ որ միջուկային զէնք ունիք, թէ՝ ոչ»,– ըսած է Էրտողան՝ արժանանալով իր աջակիցներու բուռն ծափահարութեան։

«Հայաստանի պէս Իսրայէլ եւս պիտի հիասթափուի»

«Մեր հողերու նկատմամբ տարիներով հետապնդած երազանքէն ետք, Հայաստան դաս քաղեց ղարաբաղեան պատերազմէն ու իր տեղը նստեցաւ։ Իսրայէլ նոյնպէս պիտի հիասթափուի։ Քանի դեռ մենք՝ 85 միլիոն հոգի, միասնական ենք, մեզ ո՛չ ոք կրնայ կոտրել։ Հետեւաբար աւելի զօրաւոր ու ժամանակակից բանակը մեզի համար անհրաժեշտութիւն է»,– իր ելոյթին շեշտած է Թուրքիոյ նախագահը։